ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՈՒ ՇԻՆԻՉ

Երէկ, Աւստրիոյ մայրաքաղաքը՝ Վիեննայի մերձակայ Սանկտ Փոլթենի մէջ սկսաւ Հայաստեանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու անդամներու խորհրդակցութիւնը։ Հաւաքին կը մասնակցի քսանհինգ սրբազան։ Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ շրջադարձելի իրադարձութիւն մըն է այս մէկը։ Եկեղեցւոյ ենթարկուած ծանր հալածանքները, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ակնյայտօրէն թիրախաւորումը Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ եւ այս ծանրակշիռ իրադարձութիւններու բոլոր երեսակները ուղղակի կամ անուղղակի հանգամանքները կշիռքի վրայ դրուած է սրբազաններու կողմէ։ Նկատի ունենալով, որ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայաստանէ դուրս գալուն դէմ արգելք դրուած է՝ Սանկտ Փոլթենի այս կարեւոր ժամադրութիւնը վերածուած է հաւաքի մը, որովհետեւ Եպիսկոպոսական ժողով չի կրնար գումարուիլ՝ առանց Նորին Սրբութեան նախագահութեան։ Որպէս ատենապետ՝ ժողովը կը գլխաւորէ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Յանուն Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին, հաւաքին կը մասնակցի Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու քսանհինգ անդամներու Սանկտ Փոլթենի ժամադրութեամբ ստեղծուած է խորհրդակցական լուրջ հարթակ մը, որու վրայ լուծումներ կ՚որոնուին տագնապը յաղթահարելու համար՝ խնայելով Հայոց Եկեղեցին ու պետութիւնը։ Վերջին շրջանին Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ գործի լծուած կարգադիր յանձնախումբի մը կողմէ մշակուած է սրբազաններու խորհրդակցական այս հաւաքի ժամանակացոյցը։ Եռօրեայ աշխատանքի առաջին օրը՝ երէկ, արդէն սկսաւ մշակուած օրակարգի գործադրութիւնը։ Հաւաքի առաջին օրը, սրբազանները առաւօտուն մասնակցեցան Արեւագալի ժամերգութեան, որուն յաջորդեց հոգեւոր խորհրդածութիւն։ Սանկտ Փոլթենի պատմական վանքի համալիրէն ներս, սա սրբազաններուն տեսակէտէ հոգեւոր առանձնացման պահ մըն է՝ անոնց միջեւ միասնականութեան խորացման եւ հոգեւոր-եղբայրական կապի ամրապնդման նպատակով։ Երէկ, յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ հաւաքի առաջին՝ բացման նիստը։

Եպիսկոպոսաց հաւաքի քննարկումները կը ծաւալուին դռնփակ։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն՝ սրբազաններու խորհրդակցութիւնը, ըստ էութեան, եղբայրական ու շինիչ մթնոլորտի մը մէջ կ՚ընթանայ։ Աշխատանքային համերաշխ մթնոլորտ մը ստեղծուած է, եպիսկոպոսները կ՚առաջնորդուին հանդուրժողութեամբ, պաղարիւնութեամբ, փոխադարձ յարգանքով ու մանաւանդ՝ միասնականութեան ոգիով։ Կարճ խօսքով, Մեծ պահքի շրջանի յարիր պայմաններու ներքեւ կը տարուի աշխատանքը։

Հաւաքի տեւողութեան շարք մը առանցքային ուղղութիւններով քննարկումներ կը ծաւալուին, նախատեսուած են նաեւ յստակ նիւթերու շուրջ զեկուցումներ, որոնց իւրաքանչիւրին խմբային քննարկումներ կը յաջորդեն եւ անոնց լոյսին տակ առաջարկներ կը ձեւաւորուին։

Ըստ էութեան, սրբազանները կանգ կ՚առնեն եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու ներկայ կացութեան եւ Հայաստանէ ներս եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վրայ։ Անոնք խոշորացոյցի տակ կ՚առնեն նաեւ՝ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը արդի ժամանակաշրջանին եւ առկայ մարտահրաւէրները թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ։ Քննարկումներու ժամանակ առանձին ուշադրութեան առարկայ կը դարձուին՝ եկեղեցւոյ ինքնավարութեան պաշտպանութիւնը քաղաքական շահարկումներէ եւ ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման ուղիները։

Սրբազաններու հաւաքին ժամանակ կը ծրագրուի նաեւ սոյն զեկուցումներու լոյսին տակ ռազմավարական աշխատանք։ Համախումբ եւ համախորհուրդ մթնոլորտի մէջ յղացուելիք առաջարկներու իրագործման նպատակով ռազմավարութեան մը մշակման հետամուտ կ՚ըլլան եպիսկոպոսաց հաւաքի մասնակիցները, որոնց առաջադրանքներու շարքին մէջ է նաեւ ընդհանուր համաձայնութեան մը ձեւաւորումը։ Հաւաքի իւրաքանչիւր օրը, առաջարկներու հասունացման զուգահեռ՝ կ՚ենթադրուի նաեւ իրագործման ռազմավարական պատկերացման խորացում։ Սրբազանները քննարկումներու եւ առաջարկներու հիման վրայ կը ձգտին ընդհանուր ամփոփում մը կատարել եւ յստակեցնել ռազմավարական ու գործնական հիմնական ուղղութիւններ, որոնց պարագային ալ, իրենց հերթին, ընդհանուր համաձայնութեան մը հասնելու անհրաժեշտութիւնը կը ստեղծուի։

Հասկնալիօրէն, սրբազաններու այս հաւաքի եզրափակիչ փուլին կը հրապարակուի յայտարարութիւն մը, որու նախագիծն ալ կը խմորուի ընդհանուր շինիչ աշխատանքի մթնոլորտին մէջ եւ վերջնական համաձայնութեամբ կը հրապարակուի։ Հաւաքը աւարտին կը հասնի Վեհափառ Հայրապետի փակման խօսքով։

Մինչ, Սանկտ Փոլթենի խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ հօտն ալ վառ հետաքրքրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն։ Հաւաքը կը շարունակուի ներկայ շաբթուան ողջ տեւողութեան։ Այս ընթացքին Հայաստանի մէջ բանտարկուած սրբազաններէն Տ. Մկրտիչ Եպսկ. Պռոշեանի խափանման միջոցը փոխուած է տնային կալանքի։ Հայաստանի դատական իշխանութիւնները Վեհափառ Հայրապետի եղբօր՝ Գէորգ Ներսիսեանի եւ որդւոյն խափանման միջոցներն ալ վերածած են տնային կալանքի։ Այս բոլորը իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ բանտարկուած էին։ Մկրտիչ Սրբազան Նորին Սրբութեան քրոջ որդին է։ Ներկայ պահուն բանտի ճաղերուն ներքեւ մնացած է երկու եպիսկոպոս, որոնցմէ մին է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան, իսկ միւսը՝ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան։

Հայաստանի դատական մարմինները երէկ հաստատեցին Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեանի վերաբերեալ գայթակղեցուցիչ տեսանիւթին իսկութիւնը։ Նորին Սրբազնութեան փաստաբանը նախօրէին տեղեկացուցած էր, որ արտասահմանեան երեք տարբեր փորձագիտական հաստատութիւններ այդ տեսանիւթը կեղծ համարած են։ Հայաստանի դատական իշխանութիւնները, սակայն, կը պնդեն՝ իշխանամերձ լրատուամիջոցներու կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած այդ տեսանիւթի իսկութեան վրայ։ Անոնք վաւերական չեն համարեր արտասահմանի մասնագէտներու եզրակացութիւնը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 18, 2026