ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԵՌԵԱԿ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐԸ
Երէկ, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յովակիմ վրդ. Սերովբեան։ Կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի ընթացքին նշուեցան թաղի դպրաց դասու հիմնադրութեան 135-րդ, Զուարթնոց երգչախումբի կազմութեան 90-րդ եւ Հարիւր Մանկանց երգչախումբի կազմութեան 70-րդ եռեակ տարեդարձները։ Սոյն յոբելեանները բացառիկ նշանակութիւն ունին Կէտիկփաշայի ընտանիքին տեսակէտէ, որովհետեւ հայ բնակչութենէ նօսրացած այս թաղի պատմական աւանդոյթները այսօր ամբողջութեամբ կենսունակ կը պահուին շնորհիւ Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբին։
Արարողութիւններուն ներկայ էին Տ. Տրդատ աւ. քհնյ. Ուզունեան եւ Տ. Ոսկի քհնյ. Սարգիսեան, որոնց աւելի ուշ միացաւ նաեւ Տ. Շնորհք վրդ. Տօնիկեան։
Երգեցողութիւնները կատարուեցաւ Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը՝ շրջապատուած հոգեւոր հայրերուն կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Կէտիկփաշայի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Քալայճը եւ գործակից ընկերները։
Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի դպրապետ Տիրան Պոստան եւ տնօրէն խորհուրդի անդամները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները, որոնք սիրոյ սեղաններու շուրջ ունեցան հաճելի զրոյց՝ մասնաւորապէս վերյիշելով Կէտիկփաշայի անցեալի օրերը եւ միշտ ուրախութիւն յայտնելով Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի այսօրուան կենսունակութեան համար։