ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «SAVE ARMENIA» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Save Armenia» պատուիրակութեան կազմակերպութիւնը՝ գլխաւորութեամբ գործադիր տնօրէն տքթ. Փոլ Միւրէի: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգային բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան արք. Յովհաննիսեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու տնօրէն եւ Ուաշինկթընի թեմակալ պատուիրակ Տ. Վիգէն արքեպիսկոպոս Այգազեան, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան:
Ողջունելով հիւրերու այցելութիւնը Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ Վեհափառ Հայրապետը օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց պատուիրակութեան անդամներուն՝ մարդու իրաւանց պաշտպանութեան, կրօնական ազատութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութեան խթանման ուղղեալ նախաձեռնութիւններուն համար: Ան գոհունակութեամբ անդրադարձաւ կազմակերպութեան կողմէ գործադրուած ջանքերուն՝ ի նպաստ Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին վերաբերեալ հիմնահարցերու բարձրաձայնման եւ միջազգային հարթակներու վրայ անոնց պատշաճ ներկայացման ուղղութեամբ՝ յատկապէս Հայաստանի տեսակէտէ դժուարին ներկայ ժամանակներուն:
Նորին Սրբութիւնը հանդիպման ընթացքին անդրադարձաւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու ներկայ իրավիճակին, Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ատրպէյճանէ ներս ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ Արցախի հայկական հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրներուն:
Անդրադառնալով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր, կրթադաստիարակչական եւ ազգապահպան առաքելութեան՝ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ եկեղեցին ծառայութիւն կ՚իրականացնէ ի խնդիր հայորդիներու հոգեւոր կեանքի զօրացման, ազգային միասնութեան ամրապնդման եւ հասարակական կեանքէ ներս հոգեւոր-բարոյական արժէքներու հաստատման:
Իր կարգին, տքթ. Փոլ Միւրէ շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան ընդունելութեան համար՝ ներկայացնելով պատուիրակութեան այցելութեան նպատակը եւ վերահաստատելով կազմակերպութեան պատրաստակամութիւնը՝ զօրակցելու Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին եւ ըստ ամենայնի նպաստելու Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման:
Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան հաստատման գործընթացներուն՝ ընդգծելով, որ տեւական խաղաղութիւնը պէտէ է խարսխուած ըլլայ արդարութեան, ժողովուրդներու իրաւունքներու նկատմամբ յարգանքի եւ արժանապատիւ համակեցութեան սկզբունքներուն վրայ: