ԱՆԿԵՂԾ ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔ

Երէկ, համայնքային լիսէներու աւարտական դասարանի սաներուն համար օրհնութեան կարգ մը տեղի ունեցաւ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Շաբաթավերջին նախատեսուած համալսարանական մտից քննութիւններուն ընդառաջ, սա համայնքային շրջանակներուն կողմէ անկեղծ խրախուսանք արտայայտելու առիթ մը հանդիսացաւ։ Օրհնութեան կարգին նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան արքեպիսկոպոս Մաշալեան, որու կողքին էին պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ անդամներ։

Կեդրոնական, Էսաեան, Սահակեան-Նունեան վարժարաններու եւ Ս. Խաչ դպրեվանքի աւարտական դասարանի սաները մասնակցեցան օրհնութեան կարգին։ Մխիթարեան վարժարանի աշակերտները կը բացակայէին։

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը համալսարանի մտից քննութեան նախօրէին ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն հետ՝ զանոնք առարկայ դարձնելով իր անմիջականութեան ու հայրական սիրոյ։ Նորին Ամենապատուութիւնը յորդորներ ուղղեց տղոց՝ ընդգծելով, որ կատարեալ աշխատանքն ու պատրաստութիւնը միշտ պէտք է ամրագրել նաեւ հաւատի հզօրութեան հետ։

Նորին Ամենապատուութիւնը լիսէականներուն յանձնեց նաեւ տպագիր փոքրիկ աղօթքներ, որպէսզի անոնք քննութեան ընթացքին իրենց մօտ պահեն՝ իբրեւ հոգեւոր զօրութեան խորհրդանշան։ Հուսկ, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նկարահանում։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2026