ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱԹՈՌԻ ԳԱՀԱԿԱԼԸ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԿՈՂՄԷ

Երէկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունին։ Պէյրութի հանդիպման ընթացքին Կիլիկեան Աթոռի գահակալին ընկերացան՝ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Տ. Շահէ արք. Փանոսեան եւ Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տ. Տաճատ եպսկ. Աշըգեան։

Այս հանդիպումէն վերջ Նորին Սրբութիւնը հանդէս եկաւ ամփոփ յայտարարութեամբ։ Իր խօսքով՝ Լիբանանի տարածքային ամբողջականութիւնը, գերիշխանութիւնը, պետութեան հեղինակութեամբ բարձրացումը, ազգային միասնականութեան ամրապնդումը, բանակի ամբողջ երկրի տարածքէն ներս վերահսկողութիւն հաստատելը առաջնահերթ ու հրամայական են՝ մասնաւորաբար ներկայ ճակատագրական փուլին։ Նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին կաթողիկոսը այս ուղղութեամբ արտայայտած է հայ համայնքի զօրակցութիւնը։ Հուսկ, Արամ Ա. Կաթողիկոս կանգ առաւ Լիբանանի գերագոյն եւ ընդհանրական շահերուն հետամուտ ըլլալու անհրաժեշտութեան վրայ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2026