ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ
Այսօր Աւագ հինգշաբթի է: Աւագ հինգշաբթին Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ծիսական արարողակարգին մէջ ամենէն խորհրդաւոր օրն է, իսկ ժողովուրդին համար ամենասիրելին: Այս օրը ծանօթ է նաեւ «Յիշատակ Ընթրեաց Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի եւ Ոտնլուայն» անունով:
Աւագ հինգշաբթի օրը կը խորհրդանշէ ստեղծագործութեան հինգերորդ օրը եւ հինգերորդ ժամանակաշրջանին պատկերն է, երբ հրեաները զատկական գառնուկը կերան, ամպին ու ծովուն մէջ մկրտուեցան, անապատին մէջ երկինքէն իջած մանանան կերան եւ ժայռէն բխած ջուրէն խմեցին:
Մեր «Աւագ շաբթուան խորհուրդը» պատրաստած գրքոյկին մէջ, որ լոյս տեսած է Անթիլիաս, 2013-ին, հետեւեալը գրած ենք այս օրուան մասին:
* Աւագ հինգշաբթի օրը կրնանք երեք գլխաւոր հանգրուաններու բաժնել.
ա. Առաւօտեան ժամերգութիւն, ապա Կարգ Ապաշխարողաց ու Ս. եւ Անմահ Պատարագ:
բ. Երեկոյեան Կարգ Ոտնլուայի:
գ. Գիշերը՝ Հսկում: Ժողովդրական բացատրութեամբ՝ Խաւարում, Խաւարման գիշեր կամ Լացի գիշեր:
Կարգ Ապաշխարողաց: Առաւօտեան ժամերգութենէն ետք կը կատարուի, որու ընթացքին արձակում կը տրուի պահեցողներուն: Անոնք որոնք քառասնորդացը պահած են, անպայմանօրէն պէտք է մասնակցին Կարգ Ապաշխարողացին:
Ոտնլուան, խորհրդանիշն է մեր Տիրոջ բացարձակ ու գերագոյն խոնարհութեան, երբ Վերջին Ընթրիքի ընթացքին, ղենջակը առնելով խոնարհեցաւ եւ Իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց, եւ թելադրեց անոնց, որ իրենք ալ նոյնը ընեն իրարու, այսինքն՝ խոնարհաբար ծառայեն եւ օգնեն իրարու: Ոտնլուայի արարողութեան աւարտին, հաւատացեալներուն օրհնուած իւղ (կարագ) կը բաժնուի, որ խորհրդանիշն է պոռնիկ կնոջ Քրիստոսի ոտքերուն թափած անուշահոտ իւղին (Յհ 12.3) եւ մեր Տիրոջ խօսքի կատարումին, թէ՝ «լա՛ւ գիտցէք, թէ աշխարհի վրայ ո՛ւր որ ալ Աւետարանը քարոզուի, մարդիկ իր ըրածին մասին պիտի խօսին եւ յիշեն զինք» (Մտ 26.13): Հաւատացեալները այդ օրհնուած իւղը կը գործածեն կա՛մ հիւանդութիւններու պարագային եւ կամ ալ տան իւղին հետ կը խառնեն:
Ոտնլուայի կարգը մինչեւ 11-րդ դար մեր ծիսակարգին մէջ չէ եղած: 11-րդ դարուն, Գրիգոր Բ. Վկայասէր Կաթողիկոսը (1066-1105) Ոտնլուայի կարգը թարգմանած է հայերէնի եւ անցուցած Հայ եկեղեցւոյ ծիսակարգին մէջ: Յետագային, աւելի հարստացած է զուտ հայկական շարականներով եւ աղօթքներով, որոնցմէ են «Սիրտ իմ սասանի»ն եւ Յովհաննէս Պլուզ վարդապետին «Սիրոյ մասին ճառը»:
Գիշերային Հսկումը (Խաւարման գիշեր), Աւագ ուրբաթ օրուան խորհուրդին մաս կը կազմէ: Արարողութեան ընթացքին Ս. Խորանին վրայ 12 մոմեր կը դրուին, իսկ մէջտեղը մէկ հատ մեծ մոմ: Իւրաքանչիւր Աւետարանական ընթերցումէ ետք, ամէն մէկ կողմէ մէկական մոմ կը մարուի: Վերջաւորութեան կը մնայ միայն մէջեղի մոմը, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսը, իսկ միւս 12 մոմերը՝ աշակերտները, որոնք լքելով իրենց Վարդապետը մինակ թողուցին: Աւետարանական ընթերցումներն ու երգուած շարականները կը նկարագրեն Տէր Յիսուս Քրիստոսի ձերբակալութիւնը, չարչարանքները, խաչելութիւնն ու մահը: Խաւարում կոչումը ստացած է հաւանաբար, որովհետեւ Յիսուսի խաչելութեան ընթացքին խաւարում տեղի ունեցաւ (էջ 33-37):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ