ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՄԱՂԹԱՆՔ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախընթաց օր առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ գերիներու ազատութեան, նեղեալներու մխիթարութեան եւ Հայաստանի խաղաղութեան համար։ Երեկոյեան ժամերգութենէն վերջ, Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ պատարագեց Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան, որ քարոզին մէջ ըսաւ. «Քրիստոնէութեան հազարամեայ փորձառութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ բանտը, գերութիւնը եւ նեղութիւնը անբաժան ուղեկիցներն են արդարութեան ճանապարհի՝ ըլլայ սա որպէս յանցանքի արդար հատուցում կամ ըլլայ որպէս արդարութիւնը լռեցնելու միջոց։ Բանտարկուած են առաքեալները, անոնց աշակերտները, հազարաւոր քրիստոնեաներ եւ վերջ ի վերջոյ նաեւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս»։ Նորին Սրբազնութեան խօսքով՝ քրիստոնեան երբեք պէտք չէ մոռնայ, որ բանտարկումը եւ գերութիւնը արդիւնքն են յաճախ այս աշխարհի անարդարութեան եւ ո՛չ թէ արդարադատութեան։ Ան բացատրեց, որ ազատութեան մէջ գտնուողներն ալ յաճախ պակաս հոգեւոր ու բարոյական պատասխանատուութիւն չեն կրեր՝ քան բանտերու իրենց եղբայրները։ Պատարագիչ սրբազանը յիշեցուց, որ Խոր Վիրապի մէջ տասներեք տարի բանտարկուած էր նաեւ հայոց հաւատքի հայրը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ։ Ան մաղթեց, որ այս պահուն բանտարկուած Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան եւ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան, նաեւ եկեղեցւոյ նուիրեալ զաւակ ու բարերար Սամուէլ Կարապետեան կարողանան Տիրոջմով զօրացեալ յաղթահարել այս փորձութիւնները եւ ի վերջոյ անոնց պարագային յաղթանակեն արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը։

Հուսկ, քարոզիչ սրբազանը բոլորը հրաւիրեց աղօթքով զօրակից ու աջակից ըլլալ բոլոր նեղեալներուն, գերիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն՝ մէկ կողմ դնելով ներքին տարաձայնութիւնները եւ հետամուտ ըլլալով ազգայի միասնութեան հաստատման։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 2, 2025