ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Երուսաղէմի պատրիարքներն ու եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը կը դատապարտեն Հայոց Պատրիարքութեան կալուածի բռնագրաւման անարդար որոշումը եւ անյապաղ միջամտութիւն կը պահանջեն։ Համապատասխան համատեղ յայտարարութեան մէջ, որու բնագիրը պաշտօնապէս հրապարակուած է Պատրիարքարանի աղբիւրներուն կողմէ, նշուած է հետեւեալը.

«Երանի՜ անոնց, որ քաղցն ու ծարաւն ունին արդարութեան, որովհետեւ անոնք պիտի յագենան»։ (Մատթ․ 5։6)

Չորեքշաբթի, 19 փետրուար 2025-ին, Երուսաղէմի պատրիարքներն ու եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը Երուսաղէմի քաղաքապետարանին կողմէ Հայոց Պատրիարքութեան կալուածի բռնագանձման որոշումը դատապարտող յայտարարութեամբ հանդէս եկած են եւ պահանջած են անյապաղ միջամտութիւն։

Մեծ մտահոգութեամբ մենք՝ Երուսաղէմի պատրիարքներս ու եկեղեցիներու հոգեւոր պետերս մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան՝ Երուսաղէմի քաղաքապետարանի արձակած անարդար բռնագանձման հրամանի դէմ՝ պահանջելով արդարադատութիւն։ Հայոց Պատրիարքութեան դէմ ձեռնարկուած գործողութիւնները, որոնք հիմնուած են քաղաքապետարանի հարկի՝ չստուգուած եւ ահռելի հարկային պարտքի վրայ, իրաւաբանօրէն կասկածելի են եւ բարոյապէս անընդունելի։ 

Անհնար է երեւակայել, որ քրիստոնէական հաստատութիւնները, որոնց առաքելութիւնը դարեր շարունակ եղած է հաւատքի պաշտպանութիւնը, համայնքներուն ծառայելը եւ Սուրբ Երկրի սրբազան ժառանգութիւնը պահպանելը, այժմ կը բախուին գոյքի բռնագանձման սպառնալիքին Իսրայէլի վարչական միջոցներով, որոնք կ՚անտեսեն պատշաճ ընթացակարգերը։ Յատկապէս տագնապալի է քաղաքապետարանին փորձը՝ պարտադրել պարտքի որոշումը՝ առանց դատական վերահսկողութեան եւ ի հեճուկս այսօրինակ հարցերու շուրջ բարեխղճօրէն բանակցելու համար ստեղծուած կառավարական յանձնաժողովի։ Այս անխոհեմ քայլը կը վտանգէ Հայոց Պատրիարքութիւնը եւ կը ստեղծէ վտանգաւոր նախադէպ, որ կրնան վտանգել նաեւ քրիստոնէական ողջ հաստատութիւնները Սուրբ Երկրին մէջ։ 

Սոյն գործողութիւնը կը խարխլէ կրօնի ազատութիւնը, որ միւս բոլոր իրաւունքներու հիմքն է, քանի որ կալուածի բռնագրաւումով փորձ կ՚ընեն վտանգել Հայ Եկեղեցւոյ գոյութիւնը՝ զրկելով զայն իր գործունէութեան անհրաժեշտ տնտեսական միջոցներէն եւ հայ համայնքը՝ իր եկեղեցւոյ հովուական խնամքէն։

«Եթէ անդամ մը կը տառապի, բոլորը միասին կը տառապին» (Ա Կորնթացիս, 12։26)։ Եկեղեցւոյ մը թիրախաւորումը յարձակում է բոլորին վրայ եւ մենք չենք կրնար լռել այնքան ատեն, որ Սուրբ Երկրին մէջ Քրիստոսին ծառայելու՝ քրիստոնէական ներկայութեան հիմքերը սասանուած են։ Մենք կոչ կ՚ուղղենք վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի, ներքին գործոց նախարար Մոշէ Արպէլի եւ նախարար Ցախի Հանեկպիի՝ անյապաղ միջամտել, չեղարկել բռնագրաւման բոլոր ընթացակարգերը եւ ապահովել բանակցութիւններու վերսկսումը վերոնշեալ կառավարական յանձնաժողովի շրջանակներուն մէջ՝ արդարութեան ոգիով այս հարցի խաղաղ լուծման հասնելու համար։

Թող թագաւորէ արդարութիւնը եւ թող Սուրբ Երկիրը մնայ հաւատքի փարոս սերունդներու համար։

Հինգշաբթի, Փետրուար 20, 2025