ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ՎՐԴՈՎՄՈՒՆՔ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիմագրաւած գոյաբանական ծանր մարտահրաւէրներուն վրայ եկած է աւելնալ՝ տեղւոյն քաղաքապետարանին կողմէ առնուած անարդար քայլը։ Սուրբ Աթոռը անարդարութեան կ՚ենթարկուի, որովհետեւ Երուսաղէմի քաղաքապետարանը կը պահանջէ բռնագանձումը այնպիսի տուրքերու, որոնք ո՛չ միայն վիճելի են, այլեւ ցարդ ձեւաւորուած նախընթաց չունին։ Աւելի՛ն, նոյնիսկ Իսրայէլի իշխանութիւնները այս կնճռոտ հարցի լուծման համար փորձած են ճանապարհ գտնել, յանձնաժողով ստեղծած են եւ այս բոլորով հանդերձ՝ քաղաքապետարանին կողմէ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին հասցէագրուած պահանջը համատարած վրդովմունքի պատճառ դարձած է։
Համայն հայութիւնը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն՝ ականատես դառնալով, թէ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը չի մարսեր իր ազգապատկան կալուածներու սեփականութեան իրաւունքին դէմ ձեռնարկուած այս յափշտակութեան քայլը։ Առանց չափազանցութեան, բառին բուն իմաստով, Սուրբ Աթոռը այժմ զօրաշարժի մէջ է։ Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութիւնը կը ջանայ բոլոր հարթութիւններու վրայ հակազդել իր դէմ կատարուած ապօրինի եւ անարդարանալի ոտնձգութեան։ Համայն հայութիւնը արդէն երկար ժամանակէ ի վեր կը տագնապի Հայ Երուսաղէմի խնդիրներով, որոնց վրայ ներկայիս աւելցածը չունի որեւէ հիմնաւորում ու բոլորին համար պարզ է, թէ քաղաքապետարանի քմահաճ ու դիտումնաւոր պահանջները, խորքին մէջ, գոյաբանական սպառնալիք կը համարուին։
Միւս կողմէ, Սուրբ Աթոռի կալուածոց տեսուչ Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեան եւ դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան երէկ հրատապ հանդիպում մը ունեցան Սուրբ Երկրի պապական նուիրակ Ըլանա Գերապայծառին հետ։ Զրոյցի ընթացքին սաղիմական միաբանները Մոնս. Ատոլֆօ Տիտօ Ըլանա արքեպիսկոպոսին բացատրութիւններ տուին ստեղծուած իրավիճակին եւ անոր դիմագրաւման համար համաքրիստոնէական միասնականութեան անհրաժեշտութեան շուրջ։