ԱՐԺԱՆԹԻՆԷՆ ՀԻՒՐԵՐ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց՝ Արժանթինէն պատուիրակութիւն մը, որու կազմին մէջ էին գործարար միութիւններու եւ ընկերակցութիւններու ներկայացուցիչներ։ Թէ՛ հայ եւ թէ արժանթինցիներէ բաղկացեալ այս պատուիրակութեան անդամները նշեցին, որ Հայաստան ժամանած են իրենց հայ գործընկերներուն հետ քննարկելու համար գործարար կապերու ընդլայնման եւ ներդրումներու հնարաւորութիւնները, զարգացնելու երկու երկիրներու տնտեսական համագործակցութիւնը։
Ողջունելով պատուիրակութեան այցելութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ հայ եւ արժանթինցի ժողովուրդներու ջերմ յարաբերութիւններուն եւ գնահատանքով յիշատակեց դժուարին օրերուն հայ ժողովուրդին Արժանթինի կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց արժանթինահայ համայնքի, ինչպէս նաեւ Քորտոպայի հայութեան դերը՝ երկու երկիրներու փոխյարաբերութիւններու զարգացման տեսակէտէ։ Ան ընդգծեց, որ համայնքը իր եկեղեցական եւ համայնքային կեանքով կը պահպանէ կապը Հայաստանի հետ եւ կը նպաստէ երկու ժողովուրդներու փոխադարձ ճանաչման։
Նորին Սրբութիւնը իր օրհնութիւնը փոխանցեց պատուիրակութեան անդամներուն եւ յաջողութիւն ու բարի արդիւնաւորում մաղթեց անոնց ծրագրերուն եւ նախաձեռնութիւններուն համար՝ ի խնդիր հայ եւ արժանթինցի ժողովուրդներու յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման եւ արդիւնաւորման։