ԳՀԽ ԱՐԺԵՒՈՐԵՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇՈՒՐՋ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿԸ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) Հայաստանի անդամներու ժողովը: Նիստի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դէմ առկայ բռնաճնշումներուն, տասն եպիսկոպոսներու խոտոր ընթացքին եւ այդ մէկուն պառակտիչ հետեւանքներուն, Եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման ուղիներուն:

Քննարկման առարկայ դարձան հոգեւորականներու եւ Եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակներու դէմ իրականացուած ապօրինի հետապնդումները եւ քրէական վարոյթներով իրաւական գործընթացները: ԳՀԽ վերահաստատեց իր պահանջը Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ եւ դատական մարմիններէն, որպէսզի արդարադատութիւն, օրինականութիւն ապահովուի շինծու մեղադրանքներով ազատազրկուած հոգեւորականներու, ազգային բարերարներու եւ այլ նուիրեալ հայորդիներու: Շեշտուեցաւ, որ Մայր Աթոռը բոլոր հասանելի օրինական միջոցներով պէտք է հետամուտ ըլլայ Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, եկեղեցապատկան բռնազաւթուած սրբավայրերու վերադարձին: 

ԳՀԽ դատապարտելի նկատեց իշխանութիւններու, անձամբ վարչապետի միջամտութիւնները Հայոց Եկեղեցւոյ ներքին կեանքին, կանոնական դրոյթներուն, ինչ որ կը հակասէ հայրենի երկրի Մայր Օրէնքին, կը վիրաւորէ մեր ժողովուրդի կրօնական ապրումները եւ կ՚ոտնահարէ Հայոց Եկեղեցւոյ իրաւունքներն ու դարերով նուիրագործուած աւանդութիւնները: 

Մասնաւորաբար քննութեան առնուեցաւ նաեւ վարչապետի ներկայութեամբ մատուցուող պատարագներուն հարկադրաբար Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ թեմակալ առաջնորդի անուններու զեղչման հարցը: Ընդգծուեցաւ, որ սոյն երեւոյթը նոյեմբերի 26-ի եպիսկոպոսաց ժողովին միաձայն դատապարտուած էր՝ որպէս եկեղեցաբանական տեսանկիւնէ հակականոնական, որ կրնայ հերձուածքի պատճառ դառնալ: ԳՀԽ-ի անդամները տարակուսելի նկատեցին, որ ժողովական որուշման կողմ հանդէս եկած որոշ եպիսկոպոսներ ապագային մասնակից դարձան իշխանութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած աղճատուած արարողութիւններուն:

Անդրադառնալով տասն եպիսկոպոսներու խոտոր ընթացքին՝ միաբանութենէն ինքնամեկուսացման եւ ԳՀԽ-ի անդամ եպիսկոպոսներու ժողովներէ բացակայութեան՝ ԳՀԽ մտահոգութիւն արտայայտեց անոնց որդեգրած պառակտիչ կեցուածքի առնչութեամբ: Այդ բոլորը դիտարկուեցաւ՝ իբրեւ խախտում անոնց հոգեւոր ուխտի եւ հարուած Եկեղեցւոյ միասնականութեան դէմ: 

ԳՀԽ անընդունելի նկատեց նաեւ եպիսկոպոսներու բարձրաձայնած անհիմն մեղադրանքները եւ անոնց արծարծման կերպերը՝ կարեւորելով, որ անոնք հրաժարին պարտադրուած, հակականոնական օրակարգերէ, վերադառնան Մայր Եկեղեցւոյ գիրկը՝ առաջնորդուելով բացառապէս եկեղեցական կանոնական ընթացակարգերով:

Ստեղծուած մտահոգիչ, Եկեղեցւոյ եւ անոր աշխարհասփիւռ հօտի համար անցանկալի այս իրավիճակի յաղթահարման հրամայականէն մեկնելով՝ ԳՀԽ հրատապ համարեց Եպիսկոպոսաց ժողովի գումարումը մօտաւոր ապագային: Այս կապակցութեամբ տրուեցան համապատասխան յանձնարարականներ:

Ժողովը առաջարկ ներկայացուց համապատասխան քայլեր ձեռնարկելու միջազգային կազմակերպութիւններու եւ իրաւապաշտպան կառոյցներու հետ գործակցութեան ուղղութեամբ՝ կասեցնելու համար պետական քարոզչամեքենայի կողմէ Եկեղեցւոյ շուրջ առկայ իրավիճակի վերաբերեալ տարածուած թիւր ընկալումները:

Ժողովականները իրենց գնահատանքը յայտնեցին այս դժուարին օրերուն Հայոց Եկեղեցւոյ նկատմաբ հաւատարմութիւն դրսեւորած հոգեւորականներուն՝ փորձութիւնները քաջութեամբ, հաւատքով եւ միասնականութեամբ յաղթահարելու համար: ԳՀԽ յորդորեց հոգեւոր սպասաւորներուն հոգեխնամ առաքելութեան շրջանակներէ ներս պատշաճ իրազեկումներով գօտեպնդել իրենց հաւատացեալները եւ յորդորել զերծ մնալ Եկեղեցւոյ միասնականութիւնը խաթարող երեւոյթներէ:

Անդրադարձ կատարելով ժողովին նախորդած Երեկոյեան ժամերգութեան, Մայր Տաճարի շրջափակէն ներս եպիսկոպոսաց կազմակերպած հաւաքի պատճառով հրահրուած անկարգութիւններուն՝ ԳՀԽ դատապարտեց վանքի հոգեւոր մթնոլորտը խաթարած հակաօրինական գործողութիւնները: Ժողովականները իրենց գնահատանքը յայտնեցին հաւատաւոր ժողովուրդին՝ հակառակ կազմակերպուած խժդժութիւններու, դրսեւորուած զգօնութեան, եկեղեցանուիրումի եւ հաւատարմութեան համար:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 20, 2025