ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՈՒՂԱՐԿԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ նամակ մը ուղարկեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուին։ Սուրբ Աթոռի դիմագրաւած ծանր անարդարութեան դիմաց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ահազանգ հնչեցուց ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Արդարեւ, Երուսաղէմի քաղաքապետարանը՝ իբր թէ կուտակուած անարդար ու ապօրինի տուրք մը կը պահանջէ Պատրիարքարանէն, ինչ որ Հայ Երուսաղէմի տեսակէտէ համազօր է սպառնալիքի։
Նորին Ամենապատուութիւնը վարչապետին ուղարկած նամակին մէջ մատնանշեց, որ քաղաքապետարանին կողմէ Պատրիարքարանին կը վերագրուի անտրամաբանական ահռելի պարտք մը եւ այդ պարտադրանքին զուգահեռ կը սպառնայ կալուածներու բռնագրաւմամբ։ Ան նամակին մէջ մասնաւորապէս ընդգծած է Նեթանիյահուի միջամտութեան անհրաժեշտութիւնը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շեշտած է, որ պէտք է կասեցուին Հայոց Պատրիարքութեան դէմ Երուսաղէմի քաղաքապետարանին ձեռնարկած գործողութիւնները։ Նորին Ամենապատուութիւնը համոզուած է, թէ խնդրի լուծման համար պէտք է վերսկսին՝ Նեթանիյահուի կողմէ այս հարցին շուրջ նշանակուած կառավարական յանձնաժողովին հետ հանդիպումները։
Միւս կողմէ, Սուրբ Աթոռը իրաւական գետնի վրայ ալ կը ջանայ դիմադրել Երուսաղէմի քաղաքապետարանին կողմէ առնուած քայլերուն։ Պատրիարքարանի դիւանը երէկ մասնաւոր հաղորդագրութիւնով մը հանրային կարծիքը լուսաբանեց կարեւոր մանրամասնութեան մը շուրջ։ Այսպէս, դատական իշխանութիւնները մասնաւոր զեկուցագրով մը Սուրբ Աթոռին տեղեկացուցած են, որ վատ եղանակի վերաբերեալ օդերեւութաբանական կանխատեսումներու պատճառով չեղարկուած է 24 փետրուար 2025 թուականին նախատեսուած դատական նիստը։ Պատրիարքարանի դիմագրաւած՝ քաղաքապետարանի հարկի (Արնոնա) խնդիրը պիտի քննարկուէր այդ դատավարութեան ընթացքին։ Զեկուցագրին մէջ մատնանշուած է, որ նիստի վերաբերեալ վերջնական որոշումը պիտի ծանուցուի այս կիրակի՝ 23 փետրուար 2025-ին։