ԶՕՐԱՆԱԼ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴՈՎ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակցած հոգեւորականներու հերթական խումբը։ Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան թեմերէն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնած այս հոգեւորականները վերջին շրջանին վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակցեցան մայրավանքի համալիրէն ներս, «Գարեգին Ա.» կեդրոնի երդիքին տակ։
Երէկուան հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը հերթական անգամ կանգ առաւ վերապատրաստման դասընթացքներու արդիւնաւէտութեան եւ կարեւորութեան վրայ։ Ան քահանայ հայրերուն պատգամեց Սուրբ Էջմիածնի խորհուրդով զօրացած՝ անձնդիր եւ եկեղեցանուէր ծառայութեամբ իրենց նպաստը բերել Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի զաւակներու առջեւ ծառացած դժուարութիւններու յաղթահարման ճանապարհին։
Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց նաեւ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից հոգեւորականներու զանազան հարցումներուն։