ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԻՇՏ ՄԵՐ ԿՈՂՔԻՆ Է

Մարդ-Աստուած յարաբերութեան մէջ մարդուն մեծագոյն թիւրըմբռնումը այն է, որ մարդ յաճախ կը գանգատի կամ կը տրտնջայ ըսելով, թէ Աստուած հեռացած է իրմէ, թէ Աստուած իր կողքին չէ: Բայց միթէ՞ այդպէս:

Տէր Յիսուս նախքան երկինք համբառնալը Իր աշակերտներուն պատուիրեց, որ երթան մկրտեն ու քարոզեն եւ ամբողջ ժողովուդրներն ու ազգերը Իրեն աշակերտ դարձնեն (տե՛ս Մտ 28.18-20), եւ Իր խօսքը աւարտելով ըսաւ անոնց. «Եւ ահա միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը» (Մտ 28.20): Այս խօսքը ո՛չ միայն աշակերտներուն ուղղուած է, այլ բոլոր ժամանակներու քրիստոնեաներուն համար: Արդարեւ, այս հատուածն ու տողերը կարդացողները չեն տրտնջար ըսելով, թէ Աստուած հեռացած է մեզմէ, որովհետեւ Աստուծմէ խոստում ունինք, որ Ան միշտ մեզի հետ է, մեր կողքին է:

Վերը նշուած պատճառաբանութիւնը մարդիկ յաճախ կը կատարեն, երբ փորձութեան, նեղութեան կամ դժուարութեան մէջ իյնան: Սակայն, այս պարագային ճիշդ հակառակն է, որովհետեւ հաւատացեալ մարդը փորձութեան մէջ է, որ ամենէն շատը կը զգայ Աստուծոյ ներկայութիւնը, իսկ եթէ չի՛ զգար, ուրեմն չարը յաջողած է ձեւով մը մթագնել իր հոգեւոր տեսողութիւնն ու զգացողութիւնը: 

Շնուտա Գ. Հայրապետը այս մասին կը գրէ. «Եթէ փորձութեան մէջ ինկար եւ Աստուած քեզի հետ չէ, դուն քեզի ըսէ. ո՛չ, Ան ինծի հետ է, ես է որ չե՛մ անդրադառնար Անոր գոյութեան, ինչպէս յարութենէն ետք Մագթաղենացիին հետ պատահեցաւ…: Ամօթը, ուրեմն, մեր մէջն է, եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ չգոյութեան»:

Այո՛, մենք է, որ չենք զգար Աստուծոյ ներկայութիւնը, երբ Ան մեր կողքին է: Մենք է, որ ո՛չ միայն չենք զգար Իր ներկայութիւնը, այլ՝ թոյլ չենք տար Անոր որ, միջամտէ եւ օգնէ մեզի, կարենալ յաղթահարելու համար մեր դիմագրաւած փորձութիւնը: Մենք է, որ չզգալով Անոր ներկայութիւնը մեր սիրտերուն ու հոգիներուն դուռը չենք բանար Անոր դիմաց (տե՛ս Յյտ 3.20), որպէսզի Ի՛նք ըլլայ մեր կեանքին առաջնորդն ու ղեկավարը:

Հետեւաբար, չմեղադրենք զԱստուած կարծելով, թէ Ան հեռացած է մեզմէ, այլ՝ մեր մէջ փնտռենք մեր այն թերութիւնը, ինչին պատճառով դադրած ենք զգալ Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ եւ յատկապէս փորձութիւններու ընթացքին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Մարտ 21, 2025