ՏՕՆ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Եկեղեցւոյ գաղափարին նուիրուած տօն մըն է՝ Տօն Կաթողիկէ Սրբոյ Էջմիածնի։ Տօն մը՝ որուն մէջ թէպէտեւ իբրեւ դէպք Հայ ազգային հոգեւոր կեանքի պատմական յիշատակն է, որ կը հանդիսաւորուի, բայց անոր մէջէն կ՚ոգեկոչուի «քրիստոնէական ընդհանուր եկեղեցի»ին խորհուրդը՝ անոր ամենէն հարազատ պատկերը տեսնելով Հայ Եկեղեցիին մէջ։
Արդարեւ Քրիստոսի ընդհանրական, առաքելական, մէ՛կ եւ սուրբ Եկեղեցին՝ մասնակի բաժանումներու ենթարկուելէ առաջ ունեցած դրութեան եւ կազմին իսկակա՛ն կնիքը ունի իր վրայ։ Ուստի, «կաթողիկէ» բառը կը նշանակէ՝ «ընդհանրական», «գահանիստ կամ մայր եկեղեցի» եւ նաեւ «գմբէթ»։ Ուրեմն՝ «կաթողիկէ» կը նշանակէ՝ ընդհանրական, տիեզերական՝ քրիստոնէական ընդհանուր Եկեղեցի։ Ան՝ որոշ ազգի մայր եկեղեցին է, ուր կը նստի հայրապետը։
Սուրբ Էջմիածնի Կաթողիկէ հիմնարկէքը խորհրդանիշ տօնն է Հայ Եկեղեցիին, իբրեւ սքանչելի՜ եւ գեղեցիկ իրագործումը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի երազին։
Չարչարանքներէ, տառապանքներէ, Խոր Վիրապի արհաւիրքէն չվախցող, չընկճուող, պայծառ տեսիլքի մը սեւեռուած հոգիին յուշարձանը՝ որ իր մէջ պիտի բնակեցնէր Հայ ժողովուրդի դարաւոր ապրումներու եւ իրագործումներու կորիզ ծրագիրը՝ Աստուածորդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի ուղղակի մատովը գծուած։
Ուստի, անոնք որոնք ծանօթ են Հայ Եկեղեցւոյ ծագման, զարգացման եւ անուրանալի դերին, պատմութեան դարերն ի վեր՝ անոնք միայն կրնան ըմբռնել եւ ոգեւորուիլ տեսիլքով եւ տառապանքով գոյաւորուող արժէքներու հրաշքի ճշմարտութիւնը։ Արդարեւ, բառեր կան, որոնք իբրեւ իմաստ եւ պատկեր, վեր կը մնան ժամանակէն եւ ամէն տեսակ որակումի չափերէն եւ կշիռէն։ Անոնք երբեմն գործեր են, համբաւներ, ժամանակի աւերին դէմ ցցուող ուժեր, չարին եւ խաւարին դէմ տարուած յաղթանա՛կներ։ «Լուսաւորիչ» մակդիրը մին է անոնցմէ։
Հայ Եկեղեցին կրօնական հաստատութիւն մը ըլլալով հանդերձ իր մէջ մի՛շտ տիրական եղած է ազգայինը։ Կրօնքը նոյնացած է Հայ ազգային կեանքին հետ եւ դարձած՝ միեւնոյն։ Եւ այս իրողութեան մէջ է Հայ Եկեղեցւոյ թէ՛ ուժը եւ թէ «տկարութիւն»ը։
Հայ Եկեղեցին կը նշանակէ Հայ գիր, Հայ գրականութիւն, Հայ մշակոյթ՝ ճարտարապետութիւն, երաժշտութիւն, ծէս, մէկ խօսքով գումարը՝ Հայ ժողովուրդի հոգեկան եւ մտաւոր իրագործումներուն, աւելին՝ կաթողիկէն Հայ անհատին իղձերուն եւ երազներուն, զգալի եւ գործօն Հայ կերպարանքը քրիստոնէութեան, այսինքն Հայ կերպը Աստուծոյ մօտենալու, ինչպէս ընդունելի է ամէն Հայ անհատի՝ որ ինքզինք կ՚անուանէ Հայ-քրիստոնեայ։ Եւ այս իմաստով՝ անձեռնմխելի է Եկեղեցին եւ անոր հաւատարիմ պաշտօնեան…
Կաթողիկէ Սրբոյ Էջմիածնի տօնը կը կատարուի Հոգեգալուստի տօնէն տասնեւհինգ օր վերջի կիրակիին, այսինքն՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապէն ելլելուն յիշատակման տօնի շաբաթ օրուան յաջորդող կիրակին։ Այս տօները այս տարի իրար կը յաջորդեն՝ 21 յունիս, շաբաթ եւ 22 յունիս, կիրակի օրեր։
Այս իմաստով, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապէն ելլելու տօնը յիշատակն է այն՝ իր Խոր Վիրապէն ելլելուն, իսկ Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը՝ յիշատակն է այն հրաշալի՜ տեսիլքին, զոր մեր հաւատքին հայրը՝ Սուրբ Գրիգոր ունեցաւ, արդարեւ, ըստ Ագաթանգեղոսի, Արտաշատի արգելանոցէն ելլելէն քիչ յետոյ, եւ որուն մէջ տեսաւ անիկա ամպեղէն եւ լուսեղէն տաճարի մը ձեւը՝ սիւներով եւ կամարներով կազմուած, Վաղարշապատի Հայ հին հեթանոսութեան դիւական պաշտամունքներու այն տեղին վրայ՝ զոր Աստուծոյ Միածինը երկինքէն իջնելով ջախջախելով խորտակած էր ոսկի մուրճով եւ ուրկէ կ՚առնէ «Էջմիածին» անունը։
Ան տօնն է մեր մէջ հայկական կռապաշտութեան վերջնական եւ վճռական ջնջումովը՝ անոր փոխարէն կանգնած «Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցի»ին եւ անոր «Հայրապետական իշխանութեան»։
Մէկ կողմէ ան Հայ ազգային Ս. Եկեղեցիին, ինչպէս գիտենք, որ առաջին անգամ իր ինքնուրոյնութիւնը կը ճշդէր, Հայ ազգային պետութեան թիկունքովը զօրացած, իսկ միւս կողմէ ընդհանրական տիեզերական Եկեղեցիին՝ որ Հայ հոգիին երկունքին մէջ կը գծագրուէր՝ կազմակերպուած հաստատութեան մը մարմինը տալով երեք դարերէ ի վեր առաքելական քարոզութեամբ մեր մէջ պաշտպանուած աւետարանական հաւատքին։
Եկեղեցիին միակ ջանքը պէտք է ըլլայ ծառայել ժողովուրդի հոգեւոր եւ բարոյական կեանքին միայն, եւ տալ. «Զկայսերն՝ կայսեր, եւ զԱստուծոյն՝ Աստուծոյ»։ Արդարեւ, քաղաքականութենէն ամբողջովին հեռու մնալը կարելի չէ, մանաւանդ մեր օրերու պատմական արագ դասաւորումներու ընդմէջէն։
Սակայն, անհրաժե՛շտ է, որ հասարակական կեանքի հոսանքային խմորումներ չստիպեն Եկեղեցին՝ որպէսզի շարժի համաձայն իրենց ուղղութեան…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 20, 2025, Իսթանպուլ