ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ ՄԸ ՊԻՏԻ ՍԱՐՔԷ ՅԱՋՈՐԴ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՍԿԻԶԲԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը պատրաստուի սարքել մամլոյ ասուլիս մը։ Այսպէս, յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թրքահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ պիտի զրուցէ՝ համայնքային օրակարգի հարցերուն շուրջ։ Գումգաբուի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ մամլոյ ասուլիսը նախատեսուած է յառաջիկայ երեքշաբթի երեկոյեան, Պատրիարքարանի մէջ։

Պատրիարքարանէն խմբագրութեանս ուղարկուած հրաւէրին մէջ նշուած է, որ ասուլիսի կազմակերպումը կը համակարգուի անձնակազմէն Կարօ Վռամ Պապայեանի կողմէ։

Շաբաթ, Փետրուար 22, 2025