Երկուշաբթի 31, Մարտ 2025
ՊԱԼԹԵԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ՝ Տ. Վազգէն Արք. Միրզախանեան նշանակուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Պալթեան երկիրներու թեմակալ առաջնորդ։ Նորին Սրբազնութիւնը մարտի 25-ի դրութեամբ պիտի ձեռնարկէ իր նոր առաքելութեան։
Վերջին տարիներուն Տ. Վազգէն Արք. Միրզախանեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Եկեղեցական հայեցակարգային բաժնի տնօրէնի պաշտօնը կը վարէր։ Առաջնորդ նշանակուած ըլլալով՝ ան արդէն ազատ արձակուած է իր նախկին պարտականութենէն։
Շաբաթ, Մարտ 22, 2025