ԱՍՏՈՒԱԾ Կ՚ՕԳՆԷ ԻՆՔՆԻՐԵՆ ՕԳՆՈՂԻՆ
Շատ մը մարդոց մօտ կայ այն տպաւորութիւնը, թէ Աստուած միշտ պարտաւոր է լսելու մեզ, մեր փոխարէն գործելու, օգնելու եւ առաջնորդելու մեզ: Այս մարդիկ, սակայն, կը մոռնան, որ առանց իրենց ունեցած այդ տպաւորութեան կամ սպասումին, Աստուած արդէն իսկ կը լսէ մեզ, շատ յաճախ մեր փոխարէն կը գործէ՝ մեր միտքը լուսաւորելով եւ իմաստութիւն պարգեւելով մեզի, միշտ կ՚օգնէ մեզի ու կ՚առաջնորդէ մեր քայլերը:
Այստեղ խնդիրը սակայն այն է, թէ արդեօք մենք ի՞նչ կերպով կը հասկնանք կամ կ՚ըմբռնենք այդ բոլորը, կամ ի՛նչ ակնկալիքներով կը մօտենանք այդ բոլորին: Աւելին, ե՛ւ էականը, թէ մենք ի՞նչ կ՚ընենք Աստուծոյ այդ վերաբերմունքին արժանանալու համար: Ճիշդ է, որ Աստուած անխտիր կ՚օգնէ մեզ, բայց այդ օգնութիւնը տեղ չի՛ հասնիր, եթէ մենք համապատասխան քայլեր չձեռնառկենք: Այսինքն, ամէն ինչ Աստուծոյ վրայ ձգենք, ըսելով, որ Ինք կը հոգայ եւ կ՚օգնէ մեզի: Աստուած կը հոգայ մեզ բոլորս, սակայն կ՚օգնէ ինքնիրեն օգնողին: Այլ խօսքով, մարդ միշտ քայլ կը կատարէ դէպի Աստուած, քայլ կը կատարէ իր փրկութեան համար, քայլ կը կատարէ իրեն յանձնուած գործերը ընելու համար, որով Աստուած իր ճամբան կը դիւրացնէ եւ նոյնիսկ եթէ դժուարութիւններու հանդիպի, անհրաժեշտ իմաստութիւնն ու ուժը կու տայ, կարենալ յաղթահարելու համար այդ բոլորը: Տակաւին, Աստուած կ՚օգնէ այն մարդուն, որ հրաժարելով աշխարհիկ եւ նիւթական ժամանակաւոր հաճոյքներէն, ինքզինք Աստուծոյ կը յանձնէ իր կեանքը վստահելով Անոր, համոզուած ըլլալով, որ Աստուած պիտի հոգայ ու առաջնորդէ զինք:
Կարդանք, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Սուրբ Մակար Մեծը այս մասին. «Աստուած օգնութիւն կ՚ընձեռէ այն մարդուն, որ իր նախկին ընթացքը կը փոխէ եւ ինքզինք հեռու կը պահէ նիւթական եւ մարմնական ցանկութիւններէ ու վայելքներէ եւ իր միտքը միշտ առ Աստուած կ՚ուղղէ, իր անձը կ՚ուրանայ եւ Տէրը կը փնտռէ: Ա՛յս է այն մարդը, որուն պէտքերը Աստուած կը հոգայ, իր յատուկ խնամքին տակ կը պահէ ու կը պաշտպանէ եւ ամէն կողմէ զայն իր հովանիին տակ կ՚առնէ՝ հեռու պահելով այս աշխարհի նիւթական թակարդներէն ու որոգայթներէն: Ասիկա այն մարդն է, որ իր հնազանդութեան եւ երկիւղածութեան շնորհիւ փրկութիւնը ձեռք բերաւ (տե՛ս Փլպ 2.12): Ասիկա ա՛ն է, որ կատարեալ զգուշութեամբ կը քալէ այս աշխարհի ցանկութեանց որոգայթներուն եւ թակարդներուն մէջէն, Աստուծոյ շնորհքն ու օգնութիւնը կը խնդրէ եւ յարատեւ կը յուսայ՝ Անոր ողորմութեան շնորհիւ փրկուիլ»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ