ԳԵՐՄԱՆԻԱՅԷՆ Տ. ԵՂԻՇԷ ՎՐԴ. ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴԸ Կ՚ԱՆՑԸՆԷ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմի հոգեւորականաց դասէն Տ. Եղիշէ վրդ. Աւետիսեանը, որ տարեկան արձակուրդը կ՚անցընէ քաղաքիս մէջ։ Պատրիարքարանի Գնալը կղզիի ամարանոցին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան։

Հիւր հայր սուրբը նշեց, որ քաղաքս գտնուելու առիթէն օգտուելով փափաքած էր ստանալ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր փոխանցեց՝ Գերմանիոյ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ եպսկ. Իսախանեանի ողջոյններն ու բարեմաղթանքը։

Զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը յոյս յայտնեց, թէ հիւր հայր սուրբը քաղաքիս մէջ կեցութեան ընթացքին առիթ կ՚ունենայ ծանօթանալու պատմամշակութային ժառանգութեան եւ կոթողներուն, ինչպէս նաեւ պատկերացում կազմելու՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին մասին, բազմաթիւ հաստատութիւններով հանդերձ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ՝ Տ. Եղիշէ վրդ. Աւետիսեան հնարաւորութիւն կ՚ունենայ քաղաքիս մէջ եկեղեցական արարողութիւններու մասնակցելու եւ Ս. Պատարագ մատուցելու կեցութեան օրերուն։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2026