ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԻՇՏ Կ՚ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ՊԱՔՈՒԻ ՈՐԴԵԳՐԱԾ ՀԱՅԱՏԵԱՑ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Եւրոմիութեան՝ Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու դեսպանները, որոնք տարածաշրջանային սեմինարի մը մասնակցեցան Երեւանի մէջ։ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուելու առընթեր, եւրոպացի դիւանագէտները մէկտեղուեցան նաեւ Նորին Սրբութեան հետ։ Հանդիպման սկիզբին, Եւրոմիութեան Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար դեսպան Վասիլիս Մարակոս ներկայացուց հիւր դիւանագէտները եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց՝ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած հաւաքին վերաբերեալ։
Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց եւրոպացի դեսպաններու տարածաշրջանային սեմինարի մասնակիցներուն այցը համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն եւ անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Ան յայտնեց, որ դիւանագէտները թէ՛ իրենց երկիրներուն եւ թէ պաշտօնավարման վայրերուն մէջ վստահաբար առիթ ունեցած ըլլան շփուելու հայ համայնքներուն հետ։ Ուստի, ան յոյս յայտնեց, թէ սոյն սեմինարի Հայաստանի մէջ կազմակերպումը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ, որպէսզի անոնք աւելի մօտէն ճանչնան հայկական բազմադարեայ ժառանգութիւնը, նաեւ հաղորդ դառնան Հայաստանի առկայ դժուարին կացութեան։
Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը մտահոգութեամբ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի դիմագրաւած անվտանգային մարտահրաւէրներուն, Արցախի բռնազաւթման, տեղւոյն հայրենազրկուած հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Ատրպէյճանէ ներս ցարդ պահուած հայ գերիներու, պատանդներու վերադարձի հարցերուն։ Ի լրումն այս բոլորին, ան խօսեցաւ նաեւ Արցախի հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման ու իւրացման փաստերուն՝ ընդգծելով տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան վերականգնման անհրաժեշտութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց Եւրոմիութեան երկիրներու եւ կառոյցներու կողմէ աւելի գործուն քայլերու ձեռնարկումը՝ Ատրպէյճանի վարած հայատեաց քաղաքականութեան դէմ։
Դեսպան Մարակոս հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետին շնորհակալութիւն յայտնեց ու կարեւորեց Հայ Եկեղեցւոյ հետ երկխօսութիւնը եւ համագործակցութիւնը՝ ի նպաստ յարատեւ եւ արդար խաղաղութեան հաստատման։