ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՔԵՆԹԸՐՊԸՐԻԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Ս. արքեպիսկոպոս Մանուկեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Տէյմ Սառա Մալըլին։ Հարկ է նշել, որ Քենթըրպըրիի 106-րդ արքեպիսկոպոսն է ան եւ այս շրջանին կ՚այցելէ Սուրբ Երկիր։ Սա Քենթըրպըրիի 106-րդ արքեպիսկոպոսին առաջին պաշտօնական այցելութիւնն էր՝ դէպի Երուսաղէմի հայոց վանքը։ Նորին Ամենապատուութեան գլխաւորութեամբ, ան Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան արարողակարգով՝ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ։

Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսին ընկերացան՝ Անկլիքան եկեղեցւոյ Երուսաղէմի եւ Մերձաւոր Արեւելքի վիճակաւոր Հուսամ արքեպիսկոպոս Նաումի, ինչպէս նաեւ այլ բարձրաստիճան եկեղեցականներ։

Հայոց Պատրիարքարանի գահասրահին մէջ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսը՝ իր կողքին ունենալով Սրբոց Յակոբեանց միաբանութենէն անդամներ։

Ջերմ զրոյցի աւարտին Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսը Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր յանձնեց յուշանուէր մը։

 Քենթըրպըրիի այժմու արքեպիսկոպոսի գահակալութեան շրջանը պաշտօնապէս սկսած է՝ անցեալ մարտէն ի վեր։ Ան պատմութեան մէջ առաջին իգական սեռէ հոգեւորականն է, որ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսը դարձած է՝ Անկլիքան եկեղեցւոյ շուրջ 1400 տարուան պատմութեան մէջ։

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2026