ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱԹՈՌԻ ԳԱՀԱԿԱԼԸ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԿՈՂՄԷ
Շաբաթավերջին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը հիւրընկալուեցաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ժոզէֆ Աունի կողմէ։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Կիլիկեան Աթոռի գահակալին ընկերացան Կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան կրօնական եւ քաղաքական ժողովներու դիւաններու անդամները։
Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպման ընթացքին իր զօրակցութիւնը յայտնեց Աունին՝ բարձր գնահատելով անոր շարունակական ճիգերը, որոնք ուղղուած են ամրապնդելու երկրի ազգային միասնականութիւնն ու ներքին համերաշխութիւնը, զարգացնելու տնտեսութիւնը եւ պահպանելու անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը։ Ան շեշտեց, որ Լիբանանի տարածքային ամբողջականութիւնը, պետական ինքնիշխանութիւնն ու անկախութեան պահպանումը հրամայական կը համարուի։ Միեւնոյն ժամանակ, Նորին Սրբութիւնը համոզուած է, թէ Լիբանանի հարաւի բռնագրաւուած տարածքներէն Իսրայէլի հեռացումը անհրաժեշտ է։
Իր կարգին, Ժոզէֆ Աուն բարձր գնահատեց լիբանանահայ համայնքին նշանակալից ներդրումը երկրի հասարակական կեանքին մէջ։ Ան շեշտեց, որ հայ համայնքը Լիբանանի հասարակութեան անբաժանելի մէկ մասն է եւ իր գործօն մասնակցութեամբ կարեւոր դերակատարութիւն ունի երկրի զարգացման ու բարգաւաճման ուղղութեամբ։
Հուսկ, Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժոզէֆ Աունը հրաւիրեց՝ վերջերս կառուցումը աւարտած Անթիլիասի «Պէզիկեան» համագումարներու նոր կեդրոնի պաշտօնական բացումը կատարելու։