ՆՈՐԱՕԾ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երեք միաբան երէկ եպիսկոպոսական օծում ստացան Անթիլիասի մէջ։ Այսպէս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յընթացս Ս. Պատարագի եպիսկոպոս ձեռնադրեց Տ. Սահակ Ծայրագոյն Վարդապետ Եմիշեանը, Տ. Պետրոս Ծայրագոյն Վարդապետ Մանուէլեանը, Տ. Տաճատ Ծայրագոյն Վարդապետ Աշըգեանը։ Խարտաւիլակն էր Տ. Ստեփանոս Ծայրագոյն Վարդապետ Փաշայեան։ Արարողութեան ընթացքին Կիլիկեան Աթոռին գահակալին առընթերակայ էին Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան եւ Տ. Թորգոմ Արք. Տօնոյեան։

Տ. Պետրոս Եպսկ. Մանուէլեան Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի կաթողիկոսկան փոխանորդն է։ Տ. Տաճատ Եպսկ. Աշըգեան Անթիլիասի դիւանապետն է։ Տ. Սահակ Եպսկ. Եմիշեան կը պաշտօնավարէ Յունաստանի մէջ՝ որպէս Անթիլիասի թեմի առաջնորդ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 24, 2025