ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ԱՇԽՈՒԺՈՒԹԻՒՆ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ հիւրընկալեց Սուրբ Երկրի պապական նուիրակ Ալֆոնսօ Տիտօ Ըլանա արքեպիսկոպոսը, որուն ընկերացաւ իր առաջին քարտուղարը՝ Հ. Նիքոլա տի Պոնզոյի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Սուրբ Աթոռի կալուածոց տեսուչ Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեան եւ դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան։ Ծանօթ է, որ քանի մը օր առաջ Ս. Յակոբեանց միաբանութեան ներկայացուցիչները այցելած էին Գերապայծառ Ըլանային, որ, իր հերթին, երէկ փութաց զօրակցութեան այցելութեան։ Երբ Հայ Երուսաղէմը շատ լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ եւ անոնց վրայ եկած է աւելնալ քաղաքապետարանին կողմէ պահանջուած վիճելի տուրքն ու կալուածներու կամ գոյքի բռնագրաւման անարդար որոշումը, Պատրիարքարանը կը պայքարի իրեն պարտադրուած այս անտրամաբանական ահռելի պահանջին դէմ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Մոնս. Ըլանա Նորին Ամենապատուութեան հետ զրուցեց վերջին մանրամասնութիւններուն շուրջ։ Ան զօրակցութիւնը արտայայտելու առընթեր, մտահոգութիւն յայտնեց ու վստահեցուց, թէ այս հարցի պարագային Վատիկանը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան եւ Սուրբ Երկրի բոլոր քրիստոնեայ համայնքներու կողքին է։

Բաց աստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շաբաթավերջին ընթրիքի սեղանի մը շուրջ հիւրընկալեց զանազան երկիրներու աւագ հիւպատոսներ, որոնք կը պաշտօնավարեն Երուսաղէմի մէջ։ Անոնց շարքին էր նաեւ Թուրքիոյ աւագ հիւպատոսը՝ Իսմայիլ Չոպանօղլու։

Միւս կողմէ, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդն ալ վերջին օրերուն դատապարտեց Երուսաղէմի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ստացուածքը բռնագրաւելու ուղղեալ քաղաքապետարանի նախաձեռնութիւնը։ Ընդհանուր քարտուղար փրոֆ. Ճերի Փիլա շեշտեց, որ այս քայլը վտանգաւոր նախադէպ մը կը ստեղծէ, կրօնական ազատութեան խախտում կը նկատուի ու կը սպառնայ Երուսաղէմի քրիստոնեայ համայնքներուն։

Երկուշաբթի, Փետրուար 24, 2025