ՄԵՐ ՆՄԱՆԸ ՍԻՐԵԼՈՎ Է ՈՐ ԶԱՍՏՈՒԱԾ ԿՐՆԱՆՔ ՍԻՐԵԼ
Վստահաբար շատեր ականատես եղած են կամ լսած, թէ ինչպէս շատեր կը յայտարարեն, թէ զԱստուած կը պաշտեն ու կը սիրեն զԻնք, սակայն յաջորդ վայրկեանին իսկ կը սկսին բամբասել իրենց ընկերներուն կամ ծանօթներուն մասին, երբեմն նոյնիսկ կ՚անիծեն իրենց ծանօթ այս կամ այն անձը, որովհետեւ իրենց ուզածը չէ ըրած, կամ իրենց ուզածին պէս չէ խօսած, եւ այլն:
Բնականաբար նման մարդոց սէրը առ Աստուած կեղծ է ու խաբեպատիր է, որովհետեւ ինչպէս Սուրբ Յովհաննէս առաքեալը կ՚ըսէ իր նամակին մէջ, թէ՝ «այն մարդը որ կ՚ըսէ՝ “ես կը սիրեմ զԱստուած”, բայց իր եղբայրը կ՚ատէ, ստախօս մըն է: Ով որ չի սիրեր իր եղբայրը՝ որ կը տեսնէ, ինչպէ՞ս կրնայ սիրել զԱստուած՝ որ չի տեսներ: Մինչդեռ Քրիստոսի մեզի տուած պատուէրը սա է. ով որ զԱստուած կը սիրէ, պէտք է իր եղբայրն ալ սիրէ» (Ա. Յհ 4.20-21): Արդարեւ, մարդ արարածը եթէ զԱստուած կը սիրէ, այդ սէրը առաջին հերթին ցոյց պիտի տայ իր նմանը սիրելով, որովհետեւ եթէ իր նմանը չի՛ սիրեր, ապա սուտ են իր բոլոր պնդումները զԱստուած սիրելու մասին:
Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետը այսպէս կը գրէ այս մասին. «Իրապէս, այս երկու պատուիրանները (զԱստուած սիրել, զիրար սիրել), անքակտելիօրէն փոխկապակցուած են: Չես կրնար զԱստուած սիրել, եթէ չես սիրեր մերձաւորդ: Ասիկա կը սորվեցնէ մեզի Սուրբ Յովհաննէսը իր նամակին մէկ սքանչելի հատուածին մէջ (Ա. Յհ 4.7-21), ուր, ի միջի այլոց, նաեւ կ՚ըսէ. «Եթէ զիրար սիրենք, Աստուած մեր մէջ կը բնակի, եւ Անոր սէրը մեր մէջ կատարեալ է» (Ա. Յհ 4.12): Աստուած կը դրսեւորուի Իր ստեղծած այր մարդոց եւ կին մարդոց մէջ, եւ Աստուծոյ հանդէպ սէրը երբեք ուղղահայեաց սէր չէ միայն, այլ նաեւ՝ հորիզոնական: Սիրոյ այս երկու չափումները փոխադարձաբար զիրար կ՚ամբողջացնեն, այնպէս կը յարաբերակցուին, ինչպէս արեւն ու իր ճառագայթումը, որովհետեւ ինչպէս որ առանց ճառագայթումի արեւ չկայ, այդպէս ալ չկա՛յ Աստուծոյ հանդէպ սէր՝ առանց մերձաւորին նկատմամբ սիրոյ: Ահա թէ ինչու անընդհատ կ՚ընդգծեմ, թէ Աստուծոյ հանդէպ սէրը՝ մարդոց նկատմամբ սիրոյ մէջէն կ՚անցնի»:
Հետեւաբար, սիրենք զիրար եւ մեր զիրար սիրելով փաստենք, որ զԱստուած կը սիրենք, միշտ յիշելով, որ աստուածասիրութիւնը նախ եւ առաջ մարդասիրութենէն կ՚անցնի եւ առանց մարդասիրութեան աստուածասիրութիւն չկա՛յ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ