ՀԱՐՍՏԱՆԱԼՈՒ ԵՒ ԱՂՔԱՏԱՆԱԼՈՒ ՄԻԵՒՆՈՅՆ ԴՐԴԱՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ

Շատեր զղջումին եւ խոստովանութեան թեթեւ աչքով կը նային եւ այնքան ալ կարեւոր չեն համարեր հոգեւոր կեանքի մէջ աճման համար: Այս կերպ մտածող մարդիկը, պահեցողութիւնը եւս անկարեւոր կը համարեն, ըսելով, թէ այնքան ատեն որ Աստուծոյ շնորհքին մէջ կ՚ապրինք, այնքան ատեն որ Փեսան մեր մէջ ունինք, ի՞նչ կարիք կայ պահեցողութեան, առաւել եւս զղջումի եւ խոստովանութեան, երբ մենք ամէն օր կապի մէջ ենք մեր Աստուծոյն ու Փրկիչին հետ: Նման մտածելակերպը Աստուծմէ չէ, այլ՝ չարէն: Չարն է, որ միշտ այս եւ նման մտածումներով խճողելով մեր միտքը, մեզ տակաւ-տակաւ կը հեռացնէ Աստուծմէ եւ շատ յաճախ թշնամի կը դարձնէ: 

Մարդ արարածը այնքան ատեն, որ այս ժամանակաւոր աշխարհին մէջ կ՚ապրի, ամէն օր, ամէն ժամ եւ ամէն վայրկեան կարիք ունի զղջումի եւ խոստովանութեան, որովհետեւ միշտ ենթակայ է յարձակումներու: Իսկ որպէսզի իր զղջումն ու խոստովանութիւնը բարեբեր ազդեցութիւն ունենան իր վրայ, ապա կարիք ունի պահեցողութեան օգնութեան, որ գալով կը մաքրազարդէ իր ներսիդին եւ Աստուծոյ բնակութեան համար պատրաստ կը դարձնէ:

Ո՛չ ոք պէտք է անտեսէ եւ անկարեւոր համարէ պահեցողութեան դերը մեր կեանքէն ներս: Ճի՛շդ է, որ Քրիստոս մեզ փրկեց մեղքի գերութենէն, սակայն, մեր բնաւորութեան եւ տկար կամքին ենթարկուելով, յաճախ մենք մեզ դարձեալ այդ գերութեան կը տանինք: Այս գերութիւնը ո՛չ հարուստ եւ ո՛չ ալ աղքատ կը ճանչնայ, որովհետեւ մարդ միայն առիթ տայ, կամ ինչ-ինչ պատճառներով մէյ մը սայթաքի, ապա գերութիւնը կուլ կու տայ զինք, եւ իրողութիւն է, որ այս գերութեան մէջ աւելի շուտ կը յայտնուին թէ՛ միտքով եւ թէ՛ գրպանով հարուստները: Միտքով հարուստները կ՚ապաւինին իրենց գիտելիքին, որով հպարտութիւնը կը զգետնէ զիրենք, իսկ գրպանով հարուստները կ՚ապաւինին իրենց դրամին, որով աշխարհիկ հաճոյքները կը փճացնեն զիրենք…:

Պահեցողութիւնը, զղջումն ու խոստովանութիւնը, իրենց մեղքերուն համար արցունք թափելը ո՛չ հարուստ եւ ո՛չ ալ աղքատ կը ճանչնան: Հարուստները եթէ զլանան այս բոլորը, ապա իրենք զիրենք աղքատութեան կը դատապարտեն, իսկ եթէ աղքատները անկեղծ կերպով դիմեն այս բոլորին, ապա կը հարստանան, այն ալ՝ ո՛չ սովորական հարստութեամբ, այլ՝ Երկինքի Արքայութեամբ, ինչպէս Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ. «Բազմաթիւ աղքատներ ու խեղճեր տեսայ, որոնք զուրկ են առաքինութիւններէն, սակայն Երկինքի Արքայութիւնը բռնաբարեցին իրենց Աստուծոյ առջեւ շատ լացով եւ պահեցողութեամբ»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 25, 2025