«ՅՈՅՍԸ ԿԵԱՆՔՆ ԻՍԿ Է ՄԱՐԴՈՒՆ»

Մարդ արարածը եթէ իր պանդխտութեան տարիներուն իր ներսիդին յոյս չունենար, ապա շատ դիւրութեամբ կը մոլորէր ու սայթաքելով ինքզինք կորուստի կը մատնէր: Եթէ ուժ մը կայ, որ մարդս շատ յաճախ կեանքին կը կապէ, ապա յոյսն է:

Կարդանք Ներսէս Եպիսկոպոս Դանիէլեանին գրածը յոյսի մասին. «Յոյսը կեանքն իսկ է մարդուն, ան՝ աշխարհի կենաց յաջողութեան միակ պայմանն է, ա՛ն է, որ իր շուշանաթոյր օրհնեալ ձեռքերովը՝ մեր խորտակուած կեանքին բեկորները դարձեալ իրարու քով կը բերէ, մեր հոգիին ու մտքին փշրուած թեւերուն թռիչներ կը կապէ, որ բալասանը կ՚ըլլայ մեր խոցոտուած սրտի վէրքերուն։ Յոյսը մոգական այնպիսի զօրեղ ուժ մըն է, որ կը սրտապնդէ մեզ մեր անկումներուն մէջ, կորով ու քաջութիւն կը ներշնչէ՝ մեր ընկճուած հոգիներուն, ապրելու համար նոյնիսկ ա՛յն վայրկեաններուն, ուր չարիքը անխուսափելի է եւ մահը գուցէ ստոյգ։

Յոյսը՝ երկնային պարգեւներուն էն մեծագոյնն է, էն չքնաղը. ան է, որ մեզի տանիլ կու տայ ու համբերել՝ կեանքի ամենէն անտանելի, ամենէն դժոխըմբեր անձկութիւններուն ու նեղութիւններուն. նեղութիւններ, որոնք առանց յոյսի, շատ շուտ պիտի ընկճէին, պիտի մահացնէին մեր կեանքը։

Բոլոր մարդիկ, վաղուց պիտի լքէին, պիտի արհամարհէին այս կեանքը, իրենց գործն ու ձեռնարկը, եթէ ապագային անպատճառ յաջողելու յոյսը չունենային իրենց սրտի խորքը։ Ան՝ անօթիին հացն է, մերկին ծածկոյթը, լացողներուն ժպիտը, զրկուածներուն պաշտպանն ու իրաւունքը, զնտաններու խոնաւ ու մահացնող խցիկներու մէջ տառապողներու՝ աներեւոյթ այցելու հրեշտակը։ Յոյսը կը փարատէ մեր տրտմութեան մռայլը, ան կը մխիթարէ մեր տրտում հոգին ու մեր ամենադառն արցունքներուն մէջ իսկ կը խառնէ հոգին ու սրտապնդիչ ժպիտը։

Ժողովուրդ հայոց, ա՛ռ այս յոյսի հրեշտակը սրտիդ ու քանդուած տանդ մէջ։ Յոյսը՝ կեանքն իսկ է ըսի. դուն որեւէ մէկ ձեռնարկիդ մէջ յաջողելու գաղտնիքը ուրիշ տեղ մի՛ փնտռեր. որեւէ տեղէ մի՛ յուսար, անոր գաղտնիքը՝ քու հոգիիդ մէջն է. հո՛ն փնտռէ նախ, նախ դուն քեզ օգնէ, վերացական եւ իրական բաներու վրայ յոյս մի՛ դներ, այլ դի՛ր նախ՝ քու անձիդ, քու բազկիդ, քու բոլոր հոգեկան ու բարոյական կարողութեանցդ վրայ, մնացածը սպասէ Աստուծմէ։ Մենք շատ անգամ անիրական ու անկարելի բաներու վրայ յոյս կը դնենք ու երբ ի դերեւ ելլեն, այլեւս ամէն բանի հանդէպ կ՚ըլլանք թերահաւատ։ Անկարելիին վրայ պէտք չէ մտածենք, մեր կարողութեան սահմանին մէջ՝ առանց յուսահատելու աշխատինք, մաքառինք այն ամէն դժուարութեանց դէմ, որ կրնան մեզի արգելք ըլլալ. հաստատուն ու անյողդողդ կենանք այն կռուանին վրայ, ուր ոտք դրած ենք»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մարտ 26, 2025