ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ուխտաւորներ։ Նիւ Եորքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մեսրոպ Քահանայ Յովսէփեանի կողմէ կը գլխաւորուէին ուխտաւորները։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց ուխտաւորներու տուած այցելութիւնը՝ համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնը։ Ան այս երեւոյթը նկատեց սիրոյ եւ հաւատարմութեան դրսեւորում Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ։ Նորին Սրբութիւնը վստահութիւն յայտնեց, թէ ուխտագնացութիւնը Հայաստան ներշնչանքի աղբիւր պիտի դառնայ բոլորին համար՝ դժուարին այս ժամանակներուն առաւել զօրանալու համար հայրենանուիրումի եւ եկեղեցասիրութեան մէջ։ 

Վեհափառ Հայրապետը պատգամեց, որպէսզի ուխտաւորները ամենայն ջանք գործադրեն իրենց հաւատքի պայծառութեան, զաւակներու հայեցի դաստիարակութեան, ազգային ինքնութեան պահպանման եւ Հայաստանի շէնացման համար։

Շաբաթ, Յուլիս 26, 2025