ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԲՆԱԿԻԼ
«Վարդապետ,
բարւոք է մեզ աստ լինել»
(Ղուկաս, 9.33)
Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի այլակերպութեան տաղաւարի առթած երջանկութիւնը անգամ մը եւս ուրախութեամբ կը համակէ հաւատացեալ անհատներու սրտերը։ Ուրախութիւն՝ որ Աստուածապարգեւ է։ Ուրախութիւն՝ որուն խորքին մէջ կը յայտնուի նոյնինքն Աստուած՝ Սուրբ Տնօրինութեամբ։ Ուրախութիւն՝ որ չի բղխիր աւանդական հեքիաթի մը պատումէն, այլ ճշմարտութենէն, քարոզուած՝ Սուրբ Աւետարանէն ու այս ճշմարտութիւնը կը քարոզուի տակաւին եւ պիտի շարունակուի քարոզուիլ մինչեւ ի կատարած աշխարհի։
Քրիստոսի այլակերպութիւնը Աստուածայայտնութիւն մըն է։ Քրիստոս երբ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնէն մարմին առնելով աշխարհ կու գար համեստ մսուրի մը մէջ, յանակնկալս «Տիրոջ փառքը կը ծագէր հովիւներուն վրայ» եւ հրեշտակը «կ՚աւետէր այն մեծ ուրախութիւնը, որ ամբողջ ժողովուրդինը պիտի ըլլար»։ Նաեւ կը յայտարարուէր, թէ «Դաւիթի քաղաքին մէջ ծնողը Փրկիչ էր եւ օծեալ Տէրը» (Ղուկաս, 2.9-11), այսինքն Մեսիան։ Ինչպէս որ, Աստուծոյ Խօսքին մարմին առնելը եւ աշխարհ գալով մարդոց մէջ յայտնուիլը Աստուծոյ կամքով իրականացած էր, նոյնպէս ալ Սուրբ Ծննդեան պահուն ապրուած այս փառաւոր եւ սքանչելի տեսարանը եւս իրականացած էր Աստուծոյ կամքով։ Այս բոլորը ունեցան իրենց շարունակութիւնը, որ եղաւ յայտնեալ կնիքը Աստուածային, երբ Քրիստոս կը մկրտուէր Յորդանան գետին մէջ։ Ջուրէն դուրս գալու պահուն Սուրբ Հոգին աղաւնիի կերպարանքով իջաւ անոր վրայ եւ լսուեցաւ Հօր Աստուծոյ ձայնը, որ կ՚ըսէր «Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, քեզի հաճեցայ» (Ղուկաս, 3.22)։
Աստուածորդին յետ մկրտութեան եւ յաջորդող անապատի փորձութեան երբ ձեռնարկեց Աւետարանի քարոզութեան՝ շեշտեց, թէ ինք «չէր եկած Օրէնքը եւ մարգարէները ջնջելու, այլ լրացնելու» (Մատթէոս, 5.17-18)։ Այս բառերը ինքնին լռելեայն յայտարարութիւնն էր, թէ Քրիստոս էր «Կատարումն օրինաց եւ մարգարէից» եւ «ինքնիրմէ չէր խօսեր, այլ Հայրը որ զԻնքը ղրկած էր, Ան պատուիրած էր, թէ ինչ պիտի ըսէր եւ ինչ պիտի խօսէր» (Յովհաննէս, 12.49)։
Աստուածային տնօրինութիւնը այնպէս մը ընթացած էր, որ Քրիստոս իր երկրաւոր կեանքի վերջին զատիկէն առաջ իր աշակերտներուն բացայայտօրէն արտայայտուեցաւ ըսելով, թէ «պէտք էր որ ինք Երուսաղէմ երթար, շատ չարչարանքներ կրէր քահանայապետներէն, դպիրներէն, ժողովուրդի ծերերէն եւ սպաննուէր եւ երրորդ օրը յարութիւն առնէր» (Մատթէոս, 16.21)։ Քրիստոսի այս կանխասացութիւնը ինքնին բաւած էր տակնուվրայ ընել առաքեալներու ներաշխարհը։ Չարչարանք, սպանութիւն բառեր էին, որոնք ինքնին կը բաւէին երկիւղ առթելու։ Մանաւանդ իրենց ծանօթ էր, կոյր ըստ կուրայն օրէնքի կապուած մնացած հրեայ յառաջադէմ անձերու խստասրտութիւնը, որոնք այդ պատճառաւ «իրենց ոտքը եկած Քրիստոսը չէին ճանչցած եւ չէին ընդունած» (հմմտ. Յովհաննէս, 1.10-11)։ Իրենց մտքին մէջ դրոշմուած էր Քրիստոսի կանխասացութիւնը եւ այդ հոգեվիճակի ծանրութեան տակ ընկճուած էին։ Պետրոս առաքեալ, ծանօթ էր իր խոստովանութեամբ, թէ Գալիլիացի Վարդապետը «Քրիստոսն էր, կենդանի Աստուծոյ Որդին», (Մատթէոս, 16.16) եւ ունէր «յաւիտենական կեանքի խօսքերը» (Յովհաննէս, 6.69)։ Սակայն առաքեալը հակառակ այս իրողութեան, մատնուած հոգեվիճակով կրցած էր վիճիլ Քրիստոսի հետ, Անոր ըրած կանխասացութեան առընչութեամբ։ Բացէ ի բաց կրցած էր ըսել. «Քաւ լիցի քեզ, Տէր, այդ բանը Քեզի չի պատահի»։ Որովհետեւ այդ պահուն իր մտքին մէջ տպաւորուած էր աշխարհի մարդոց ակնկալած Մեսիայի գաղափարը, ըստ որում Ան որպէս խոստացեալ փրկիչ զօրաւոր եւ յաղթական անձ մը պիտի ըլլար, ժողովուրդը պիտի ազատագրէր եւ պիտի վերահաստատէր Դաւթի աթոռը։ Հետեւաբար իրեն համար ընդունելի չէր եղած այս կանխասացութեան իրականացումը եւ այս առումով իր ունեցած արտայայտութիւնը յանդիմանութեան նշաւակ դարձաւ։ Յովհաննէս Ծործորեցի Քրիստոսի եւ Պետրոս առաքեալի այս երկխօսութիւնը կը նմանցնէ Եւայի եւ օձակերպ սատանայի երկխօսութեան, որոնց մէջ գայթակղութեան գաղափարը կը յայտնուէր։
Քրիստոսի կանխասացութենէն շանթահարուած առաքեալներէն երեքը, Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս, ծանօթ՝ իրենց յառաջադէմ ըլլալու հանգամանքով, անսացին իրենց Վարդապետի կանչին ու հետեւեցան Իրեն, բարձրանալով լերան գագաթը, առանց գիտնալու, թէ ինչպիսի՞ անակնկալ մը կը սպասէր իրենց։ Այդ անակնկալը պիտի ըլլար սքանչելի տեսարանի մը ընդմէջէն Աստուածայայտնութիւն մը։ Այդ սքանչելի տեսարանը պարզուեցաւ այն պահուն, երբ Քրիստոս կ՚աղօթէր։ Իր դէմքը, զգեստները փայլուն սպիտակ վիճակ մը առին, մինչ արեգակնափայլ լուսաճաճանչ ճառագայթներ կը ցոլացնէին, յաղթելով արեգակի ճառագայթները։ Հին կտակարանէն երկու կարեւոր դէմքեր կը յայտնուէին, Մովսէսն ու Եղիան, առաջինը կը ներկայացնէր օրէնքը, իսկ երկրորդը՝ մարգարէները։ Յատկանշականը այն էր, թէ այս երկու մեծանուն դէմքերը «Յիսուսի հետ կը խօսէին իր վախճանին մասին, զոր պիտի ունենար Երուսաղէմի մէջ» (Ղուկաս, 9.31)։ Այս փառաւոր եւ հրաշալի տեսարանին թագն էր ամպի մը երեւումը եւ ամպին ընդմէջէն լսուած Հօր Աստուծոյ ձայնը. «Ատիկա է իմ ընտրեալ Որդիս, Անոր լսեցէք» (Ղուկաս, 9.34-35)։
Առաքեալները, որոնք պարտասած վիճակ մը ունենալով կը մրափէին, լոյսի ողողումին ազդեցութեամբ արթնցան եւ զարհուրած՝ ականատեսը եղան այս սքանչելի տեսարանին։ Պետրոս առաքեալ շուարումի մատնուած վիճակի մէջ անգիտակցաբար կ՚ըսէր. «Վարդապետ, լաւ է որ մենք այստեղ ենք. շինենք երեք տաղաւարներ, մէկը՝ քեզի, մէկը՝ Մովսէսի եւ մէկը՝ Եղիային համար» (Ղուկաս, 9.33)։
Քրիստոսի հետ ունեցած վիճաբանութենէն յետոյ այս երկրորդ արտայայտութիւնն է, որ խորքին մէջ Քրիստոսի արտայայտած կանխասացութեան իրականացման դէմ ունի արգելիչ իմաստ մը։ Քրիստոս եւ իր երեք աշակերտները լերան բարձունքին վրայ առանձին են։ Լերան բարձունքին վրայ ինչպէ՞ս պիտի իրականանար Փրկչական առաքելութիւնը։ Քրիստոս միթէ չէ՞ր ըսողը. «Ես եկայ որ կեանք ունենան եւ աւելի եւս ունենան» (Յովհաննէս, 10.10). «Եկէք ինծի բոլոր յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ, եւ ես պիտի հանգստացնեմ ձեզ» (Մատթէոս, 11.28). «Ինչպէս որ Մովսէս անապատին մէջ բարձրացուց օձը, այնպէս պէտք է բարձրանայ մարդու Որդին, որպէսզի ով որ հաւատայ անոր՝ յաւիտենական կեանքը ընդունի. քանի որ Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ով որ հաւատայ անոր՝ չկորսուի, այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը» (Յովհաննէս, 3.14-17)։ Քրիստոս որպէս Գառն Աստուծոյ եկած էր զոհուելու խաչին վրայ, մահովը մահը կոխկռտելու եւ յարութեամբը նոր կեանք պարգեւելու համար եւ այդ առաքելութեան կեանքի կոչման վայրը չէր կրնար լերան մը բարձունքը ըլլալ։ Նաեւ նկատի ունինք աշակերտները։ Լերան բարձունքի առանձնութեան մէջ ինչպէ՞ս պիտի կարենային «երկրի աղը», «աշխարհի լոյսը» ըլլալ, նաեւ մարդիկ ինչպէ՞ս պիտի տեսնէին «անոնց լոյսը եւ բարի գործերը, որպէսզի փառաւորէին Երկնաւոր Հայրը» (Մատթէոս, 5. 13-16)։
Մենք այսօր կը հրաւիրուինք Պետրոս առաքեալի շուարումի մատնուած վիճակի մէջ անգիտակցաբար արտասանած բառերը ընկալելու եւ ամենայն վստահութեամբ արտասանելու առաջի մարդկանց, թէ լաւ է Քրիստոսի ներկայութեան գտնուիլը եւ ապրիլը, որով կարելի կ՚ըլլայ պահպանուիլ փորձութիւններէն ու աշխարհիկ ծուղակներէն։
Աշխարհի իշխանին՝ Սատանայի ժխտական առումով այլակերպ դարձուցածներ, երբեմն մարդկութենէ հեռացուցածներ, մարդկային ամենադոյզն զգացումէն զգայազրկածներ Քրիստոսի փրկարար առաքելութեան նկատմամբ հաւատքով այս անգամ կրնան այլակերպուիլ դրական իմաստով։ Աստուածային ճշմարտութիւններու նկատմամբ անտարբեր կեանք մը վարել, ամենադժբախտ երեւոյթն է Աստուծոյ նմանութեամբ ստեղծուած մարդուն համար։ Եսակեդրոն կեանք վարողներ, կեր, խմէ եւ ուրախացիր փիլիսոփայութիւնը կեանքի նշանաբան դարձուցածներ երբ կը զգաստանան ու կը յիշեն, թէ առանձին չեն երկրի վրայ, իրենց համար կը բացուի այլակերպութեան ճանապարհը ու կը գիտակցին, թէ ուրիշներու ցաւակից ըլլալով, նաեւ զանոնք ուրախացնելով կարելի է երջանկանալ։
Այլակերպութեան տաղաւարին առիթով կը յիշենք, թէ առաքեալները այլակերպուած Քրիստոսի Անձին մէջ տեսան Աստուծոյ Արքայութեան փառքը։ Պօղոս առաքեալ թարգման հանդիսանալով այս ճշմարտութեան կը գրէ. «Զգոյշ եղէք, չըլլայ թէ մէկը գրաւէ ձեզ ճարտարամտութեամբ եւ սնոտի խաբէութեամբ. ասոնք մարդոց աւանդութեան եւ այս աշխարհի տարերքին համաձայն են եւ ոչ թէ ըստ Յիսուս Քրիստոսի. քանի որ անոր մէջ կը բնակի Աստուածութեան լրիւ ամբողջութիւնը՝ մարմնապէս» (Կողոսացիս 2.8-9)։
Այլակերպութեամբ հաստատուեցաւ այն ճշմարտութիւնը, որ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է: Այս տօնակատարութեան կիզակէտի ընդգծեալ թելադրանքն է սիրել զԱստուած, լսել Անոր պատուիրանները եւ իրականացնել Աստուծոյ կամքը։ Կը հրաւիրուինք «ուղիղ ընթացքով, մաքուր մտքով, անկեղծ սրտով, կատարեալ հաւատքով, սիրով լեցուած եւ առատացած՝ բոլոր բարի գործերով» արտայայտել Աստուծոյ Միածին Որդւոյն քով կենալու մեր գոհունակութիւնը ըսելով. «Բարւոք է մեզ աստ լինել, լաւ է որ հոս կը գտնուինք»։
Այս խոստովանութիւնը կարեւոր է յատկապէս մեր ժողովուրդին համար, քանի որ Քրիստոսի զոյգ առաքեալներու՝ Սուրբ Թադէոսի եւ Սուրբ Բարթողոմէոսի շնորհիւ մեր ժողովուրդը այլակերպուեցաւ, պայծառազարդուեցաւ Սուրբ Աւետարանի լոյսով։ Քրիստոնէական հաւատքի մշտադալար ծառը իր արմատները տարածեց որպէս պտուղը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի հաւատքին։ Մեր առօրեայ կեանքին մէջ բարեսիրական հաստատութիւններու գոյութիւնը կը պարտինք Քրիստոնէական լոյս հաւատքին։ Մեր գիրն ու գրականութիւնը, մշակոյթը կը պարտինք Քրիստոնէական լոյս հաւատքին։ Եւ այս հաւատքը մարմնաւորած է Հայ Եկեղեցին, որ դարերու ընթացքին տարփողած է Քրիստոսի հետ ըլլալու կարեւորութիւնը եւ ամէն տեսակի աննպաստ եւ ժխտական անբաղձալի հոսանքներուն դէմ գիտցած է ըսել. «Բարւոք է մեզ աստ լինել. Լաւ է որ հոս կը գտնուինք» հաւատալով, թէ Քրիստոս ճանապարհորդակից է իր Մարմնոյն՝ Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Անոր անբաժան մասնիկին՝ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ։ Մեզի համար գլխաւոր «աստ»ը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարն է։ Ուխտաւորի շրթունքները կը բացուին առաջի իջման Սուրբ Սեղանին եւ հաւատքով լսելի կը դառնայ «բարւոք է մեզ աստ լինել» բառերը, քանի այս Սուրբ Սեղանը կը մարմնաւորէ Քրիստոսի էջքին յիշատակը։ Երանի մեր ժողովուրդին, որ Քրիստոսի էջքով սրբագործուած հողին վրայ, նոյնինքն Քրիստոսի հրահանգով կառուցուած եւ Աստուծոյ փառքին ընծայուած տաճարի մէջ աղօթելու առանձնաշնորհումը կը վայելէ։
Քրիստոսի Այլակերպութեան տաղաւարին ուրախ առիթով վերաթարմացնենք մեր մկրտութեան ուխտը եւ մեր կեանքը իմաստութեամբ հաստատենք ու հաստատ պահենք հաւատքի ժայռին՝ Քրիստոսի վրայ, որպէսզի «երբ անձրեւներ իջնեն, գետերը յորդին, հովերը փչեն» մնանք աներեր ու հաստատուն եւ այդ բոլոր ժխտական հոսանքներուն դէմ ընդմիշտ օգտագործենք Պետրոս առաքեալի շուարումի մատնուած վիճակով արտասանած եւ այդ պահուն անօգուտ նկատուած բառերը ըսելով. «Բարւոք է մեզ աստ լինել. Լաւ է որ հոս կը գտնուինք» ապրելով Քրիստոսի հետ։
Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգւոյն, եղիցի ընդ մեզ։ Ամէն։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
19 յուլիս 2025, Գնալը կղզի