Հինգշաբթի 27, Փետրուար 2025
ԴԱՏԱԿԱՆ ՆԻՍՏԻ ՆՈՐ ԹՈՒԱԿԱՆԸ ԱՆՈՐՈՇ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը տեղեկացուց, որ իր դիմագրաւած կալուածական հարցերուն վերաբերեալ՝ փետրուարի 24-ին նախատեսուած դատական նիստը տեղի չէ ունեցած անբարենպաստ եղանակի հետեւանքով։ Սուրբ Աթոռը կ՚ակնկալէր, որ դատավարութեան համար նոր թուական մը պիտի ճշդուէր մօտ օրերս։
Պատրիարքարանի դիւանը հաղորդեց, որ տակաւին նոր թուականն ալ յայտնի չէ։
Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2025