ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ՋԵՐՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ վերջերս այցելեց Պրիւքսէլ, կեցութեան օրերուն հանդիպում մը ունեցաւ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պելժիոյ, Հոլանտայի եւ Լիւքսեմպուրկի մետրապոլիտ Աթենակորասի հետ։ Այս վերջինը Պելժիոյ մէջ բոլոր Ուղղափառ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու պաշտօնական ներկայացուցիչն է։ Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբազնութեան ընկերացան Տ. Զատիկ Վրդ. Աւետիքեան, Տ. Տիրայր Վրդ. Յակոբեան եւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, որոնք Հայ Եկեղեցւոյ Պելժիոյ մէջ պաշտօնավարող երեք հոգեւորականներն են։

Ջերմ ու եղբայրական զրոյցի ընթացքին երկու հոգեւոր առաջնորդները անդրադարձան Պելժիոյ մէջ քրիստոնէական կեանքին ու եկեղեցիներու գործունէութեան վերաբերեալ հարցերու։

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2025