Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆՆ ՈՒ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը տօնախմբէ Սրբոց Վարդանանց յիշատակը։ Միեւնոյն ժամանակ, այսօր անուանակոչութեան օրն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին։ Բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայրապետական մաղթանք, որու ընթացքին հաւատացեալները առ Աստուած աղօթք կը բարձրացնեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան եւ Վեհափառ Հայրապետի կենաց արեւշատութեան համար։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, որ անցեալ տարի արդէն քառորդ դարը աւարտած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի նուիրական գահուն վրայ, այսօր դարձեալ իր աշխարհասփիւռ հաւատացեալ հօտի աղօթքներուն մէջ է՝ որպէս ընդհանրական հայրապետ, որ իր իմաստուն մականին ներքեւ կ՚առաջնորդէ հայութեան ազգային-եկեղեցական կեանքը:

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2025