ՍՈՒՐԲ ԽԱՉՈՎ ՊԱՏԿԵՐՈՒԻԼ

Վստահաբար մեզմէ շատերուն կեանքին ընթացքին պահեր եղած են, երբ ամչցած ենք խաչակնքելէ, մեր քրիստոնեայ ըլլալուն, կամ Քրիստոսի մասին խօսելէ: Պատճառները, աւելի ճիշդ արդարացումները մարդկայնօրէն կրնան շա՜տ ու բազմաթիւ ըլլալ, բայց կը մնան մարդկային պատճառաբանութիւններ ու արդարացումներ, որոնք արդարացում չունին, մանաւանդ Քրիստոսի մասին խօսելու ամչնալու պարագային:

Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Ով որ մարդոց առջեւ դաւանի թէ Ինծի կը հետեւի, Ես ալ զայն Ինծի հետեւորդ պիտի դաւանիմ Հօրս դիմաց, որ երկինքի մէջ է: Իսկ ով որ զիս ուրանայ մարդոց առջեւ, նոյնպէս ալ Ես զինք պիտի ուրանամ Հօրս դիմաց, որ երկինքի մէջ է» (Մտ 10.32-33): Պարզ եւ յստակ են Տէր Յիսուսի խօսքերը զԻնք դաւանելու կամ չդաւանելու պարագային: Եթէ այստեղ՝ աշխարհի վրայ ամչնանք՝ այլ խօսքով ուրանանք մեր Տիրոջ մասին խօսելու, ապա Ինք եւս պիտի ուրանայ մեզ:

Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պարտաւորութիւն ունի իր Տիրոջ մասին խօսելու, ըլլալու Անոր վկան աշխարհի վրայ: Բնականաբար խսօքը չի՛ վերաբերիր օծեալ քահանաներու ունեցած իրաւասութեամբ խօսելու կամ գործելու մասին, այլ՝ մեր կեանքով կենդանի վկայ եւ քարոզ ըլլալու մասին է խօսքը: Իսկ Քրիստոսի համար կենդանի վկայ ու քարոզ կ՚ըլլանք այն ատեն, երբ հետեւելով Իր պատուէրին, մեր խաչը կը վերցնենք, կ՚ուրանանք մենք մեր անձերը եւ կը հետեւինք Իրեն (տե՛ս Մտ 16.24): Սուրբ Եփրեմ Ասորին կը գրէ. «Որդեակ իմ, վերցո՛ւր խաչդ եւ ետեւէս եկուր, փոխանակ զէնք վերցնես կամ որեւէ մէկ բան, որ պաշտպանէ քեզ: Վերցո՛ւր խաչդ եւ անոր նշանը պատկերէ՛ անդամներուդ վրայ, սիրտիդ վրայ: Պատկերէ զայն ամէն առիթի, ներս մտած կամ դուրս ելած ատենդ, նստելուդ կամ կանգնելուդ ատեն, քնանալուդ եւ աշխատանքիդ ատեն: Պատկերէ՛ զայն Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով»

Արդարեւ, իւրաքանչիւր քրիստոնեայ ո՛չ միայն իր խաչը առնելու եւ Տիրոջ հետեւելու պարտաւոր է, այլեւ՝ պէտք է խաչին նշանով պատկերուի, այլ խօսքով խաչակնքուի, որպէսզի Տիրոջ օրհնութիւնն ու պաշտպանութիւնը իր վրայ ըլլան: Աշխարհի վրայ աւելի զօրաւոր զէնք չկայ քան Տէր Յիսուսի խաչը: Ան որ յաջողի այդ զէնքը ձեռք բերել եւ ճիշդ կերպով գործածել զայն, ապա անպարտելի կը մնայ եւ ամէն տեսակի յարձակումներու, դժուարութիւններու եւ նեղութիւններու կը տոկայ ու կը համբերէ, եւ ի վերջոյ Տիրոջ շնորքհով յաղթանակ կը տանի այդ բոլորին վրայ եւ արժանի կը դառնայ փառաց պսակին: 

Հետեւաբար չամչնանք Քրիստոսի մասին խօսելէ, առաւել եւս չամչնանք Անոր խաչով պատկերուելէ, այլ՝ միշտ պատկերուինք անով՝ Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Մարտ 28, 2025