ՂԱԶԱՐՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՕՐԻՆԱԿ ՄԱՐԴՈՑ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ
Յովհաննէսի Աւետարանին 12-րդ գլուխին մէջ կը կարդանք. «Հրեաներու մեծ բազմութիւն մը, երբ գիտցաւ թէ Յիսուս Բեթանիայի մէջ է, եկաւ՝ ո՛չ միայն Յիսուսի համար, այլ նաեւ տեսնելու համար Ղազարոսը, որուն Յիսուս մեռելներէն յարութիւն տուած էր: Ուստի աւագ քահանաները որոշեցին Ղազարոսն ալ սպաննել, որովհետեւ հրեաներէն շատեր Ղազարոսը տեսնելու կ՚երթային ու կը հաւատային Յիսուսի» (Յհ 12.9-11): Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին այսպէս կը բացատրէ այս համարները.
* Ապա կը ճառէ, թէ Քրիստոս ինչպէ՞ս պատուուեցաւ ժողովուրդին կողմէ.
Խօսք. «Հրեաներու մեծ բազմութիւն մը, երբ գիտցաւ» (Յհ 12.9):
Մեկնութիւն. այստեղ կը ճառէ, թէ կրկնակի կերպով պատուեցին զՔրիստոս. առաջին՝ գալով տեսնելու: Երկրորդ՝ ճանապարհին հանդիպելով Անոր, այնտեղ՝ «յաջորդ օր, ժողովուրդի մեծ բազմութիւն մը» (Յհ 12.12):
Առաջինին համար կ՚ըսէ. Խօսք. «Ժողովուրդի մեծ բազմութիւն մը, եկաւ՝ ո՛չ միայն Յիսուսի համար, այլ նաեւ տեսնելու համար Ղազարոսը, որուն յարութիւն տուած էր» (տե՛ս Յհ 12.9):
Մեկնութիւն. Բեթանիան Երուսաղէմին մօտիկ է՝ երկու միլայ, այսինքն՝ մղոն, որ է մէկ ֆարսախ, այսինքն՝ մէկ ֆարսանկ, նուազ մէկ ասպարէս, այդ պատճառով հրեաները դիւրութեամբ իմացան Քրիստոսի գալուստի մասին:
Այստեղ անոնց գալուն երկու պատճառ կը ցուցնէ, որ չորս կ՚երեւի. առաջին՝ պատուելու Քրիստոսին՝ յարութիւն տուողին: Երկրորդ. իրենց ախտերը բժշկելու համար: Երրորդ. տեսնելու յարութիւն առած Ղազարոսը, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդ կը փափաքի այդ բանին: Չորրորդ. կը փափաքէին միւս կեանքին մասին իմանալ, քանի որ բոլորն ալ այդ գիտութեան կը փափաքին: Եւ որովհետեւ Քրիստոսի փառքը յայտնի եղաւ, այդ պատճառով իշխանները խորամանկութեան հնարքներուն դիմեցին:
Խօսք. «Աւագ քահանաները որոշեցին Ղազարոսն ալ սպաննել, որովհետեւ հրեաներէն շատեր Ղազարոսը տեսնելու կ՚երթային ու կը հաւատային Յիսուսի» (Յհ 12.10-11):
Մեկնութիւն. ասով հրեաներուն նենգութիւնը յայտնի եղաւ, որովհետեւ Քրիստոսի կողմէ յարուցուածին կ՚ուզէին սպաննել, որպէսզի սքանչելիքը ծածկեն: Եւ տե՛ս, թէ չար քահանան ինքզինք եւ ժողովուրդը կորուստի կը մատնէ, ինչպէս բարի քահանան՝ երկուքն ալ կը գտնէ, իսկ հրեաներուն քահանաները հոգիներու կորուսիչներ էին:
Հարցում. ինչո՞ւ համար Ղազարոսին աւելի կը հալածէին, քան՝ ի ծնէ կոյրին կամ անդամալոյծին, որ Բեդհեզդա սրահին մէջ էր:
Պատասխան. Ղազարոսը ազնուական մըն էր ու անուանի, այդ պատճառով անոր հետ պատահած հրաշքը աւելի յայտնի էր ու հռչակուած:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
27 մարտ 2026, Վաղարշապատ