ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց Ֆէնէրի յունաց պատրիարքարանը։ Ան ընդունուեցաւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին կողմէ։ Քաղաքավարական, արարողակարգային այցելութիւն մըն էր այս մէկը, որով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ս. Զատկի առթիւ պաշտօնապէս շնորհաւորեց յունաց պատրիարքը։

Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 28, 2025