ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՔԱՐՈԶԵՑ ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՇՈՒՐՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Պայծառակերպութեան տօնի արարողութիւններուն։ Այս տարի եւս, Վարդավառի տօնին օրը Սկիւտարի մէջ վերակենդանացան պատմական աւանդութիւնները։ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, պատարագեց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա, Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը, որու ընթացքին բացատրեց, թէ իւրաքանչիւր մարդ հոգի մըն է, որ եկած է Աստուծմէ ու կը վերադառնայ դէպի Աստուած։
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնութիւն։ Կրօնական արարութիւնները բացօթեայ անդաստանով հասան իրենց աւարտին։