ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Ծաղկազարդի տօնին առթիւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան արարողութիւններուն հանդիսապետեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Տօնակատարութիւններուն զուգահեռ՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ նաեւ Մանուկներու օրհնութեան կարգ։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2026