ԾԱՌԱՅԵՆՔ ԻՐԱՐՈՒ
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին այսօր մուտք գործեց իր ծիսական կեանքի ամենէն խորհրդաւոր շաբաթներէն մէկը, որ կը կոչուի ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ: Անունը կը յուշէ մեզի այս շաբթուան ունեցած տարբերութեան մասին տարուան միւս շաբաթներէն: Այս շաբթուան ընթացքին Եկեղեցին կը յիշեցնէ մեզի աշխարհի ստեծագործութենէն սկսեալ մինչեւ Տէր Յիսուսի հրաշափառ Յարութիւնը: Ինչպէս նաեւ Աստուածաշնչական ընթեցումներուն եւ եկեղեցական արարողութիւններուն միջոցով մեզ կը հրաւիրէ քրիստոնավայել կեանք մը ապրելու:
Այսօր Աւագ երկուշաբթի է: Աւագ երկուշաբթին կը խորհրդանշէ ստեղծագործութեան երկրորդ օրը, որ պատկերն է երկրորդ ժամանակաշրջանին, երբ ամբողջ տիեզերքը ապականեցաւ եւ միայն Ենովքը հաւատարիմ մնաց Աստուծոյ եւ երկինք փոխադրուեցաւ: Այս օրը յատուկ անուանում մը չունի: Այսօրուան Աստուածաշնչական ընթերցումները կը յիշեցնեն մեզի աշխարհի ստեղծագործութեան, մարդու արարումին եւ անկումին պատմութիւնը (Ծն 1.13-24), Զեբեդէոսի որդիներուն մօր Յիսուսի ուղղած խնրդանքը՝ Արքայութեան մէջ Անոր աջ ու ձախ կողմերը նստելու (Մտ 20.17-28), թզենիի չորացումն ու տաճարի մաքրագործումը (Մտ 21.18-22.14):
Զեբեդէոսի որդիներու մօր խնդրանքին ի պատասխան, Տէր Յիսուս Իր խօսքը այսպէս կ՚եզրակացնէ. «Գիտէք, որ ազգերու իշխանները կը տիրեն իրենց հպատակներուն վրայ եւ ղեկավարները կ՚իշխեն իրենց ժողովուրդներուն վրայ: Բայց ձեր պարագային այդպէս պէտք չէ ըլլայ: Եթէ ձեզմէ մէկը ուզէ մեծ ըլլալ՝ պէտք է ձեր սպասաւորը ըլլայ եւ եթէ ձեզմէ մէկը ուզէ առաջին ըլլալ՝ պէտք է ձեր ծառան ըլլայ, որովհետեւ Մարդու Որդին, Ինքն ալ, չեկաւ ուրիշներու կողմէ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու եւ Իր կեանքը շատերու համար որպէս փրկագին տալու» (Մտ 20.25-28):
Քրիստոնեային համար յաւիետանակութիւնը ժառանգելու եւ յաւիտեան Տէր Յիսուսի հետ ըլլալու գրաւականը այս աշխարհէն կը սկսի: Այդ գրաւականը քրիստոնեային պատրաստակամութիւնն է ծառայութեան. ծառայել Աստուծոյ եւ ծառայել մարդոց: Աստուծոյ ծառայելու մարդուն ընթացքը նախ եւ առաջ կ՚անցնի մեր նմաններուն ծառայելու մեր պատրաստակամութենէն եւ նուիրուածութենէն: Եթէ մեր նմանին կը ծառայենք առանց փոխարէնը սպասելու եւ առանց հաշիւներու, ապա շա՜տ դիւրութեամբ կրնանք նաեւ Աստուծոյ ծառայել, որովհետեւ խորքին մէջ մեր նմանին ծառայելով, արդէն իսկ Աստուծոյ ալ ծառայած կ՚ըլլանք, որովհետեւ մեր նմանը Աստուծոյ պատկերն ու նմանութիւնը ունի իր մէջ:
Շատեր կը կարծեն, թէ ծառայութիւնը ամօթ է կամ նուաստացուցիչ է: Սխա՛լ է այս կարծիքը: Սորվինք մեր Տէր ու Փրկիչէն՝ Յիսուս Քրիստոսէն, որ ըսաւ. «Որովհետեւ Մարդու Որդին, Ինքն ալ, չեկա՛ւ ուրիշներու կողմէ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու եւ Իր կեանքը շատերու համար որպէս փրկագին տալու» (Մտ 20.28):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
28 մարտ 2026, Վաղարշապատ