ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Դանիական-հայկական բարեգործական առաքելութիւն» հասարակական կազմակերպութեան ատենապետ Հ. Մայքըլ Թոմսէնն ու հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամները, որոնց ընկերացաւ նոյն կառոյցի գործադիր տնօրէն Արշաւիր Գաբուճեանը։

Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին գնահատեց կազմակերպութեան պատասխանատուները՝ Հայաստանէ ներս տարիներէ ի վեր Հայ Եկեղեցւոյ թեմերուն հետ համագործակցութեամբ կեանքի կոչուած կրթական եւ ընկերային ծրագրերուն համար։

Հ. Մայքըլ Թոմսէնն ալ երախտագիտութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան մշտական քաջալերանքի եւ օրհնութեան բերումով։ Ան ներկայացուց կազմակերպութեան գործունէութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ առկայ մարտահրաւէրները։

Ուրբաթ, Ապրիլ 4, 2025