ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԻԱՆԱԼՈՒ ՃԱՄԲԱՆԵՐԷՆ ՄԻՆ
«…Առաջինը յատուկ է բոլորին, իսկ միւսը՝ կատարեալներուն եւ Աստուծոյ միացածներուն»
Քրիստոնեայ հաւատացեալներէն շատերուն մօտ կայ սխալ այն կարծիքը, թէ մարդ միշտ ուրախութեան մէջ պէտք է ըլլայ, հեռու տրտմութենէ, նեղութիւններէ եւ դժուարութիւններէ, հեռու փորձութիւններէ եւ հիւանդութիւններէ:
Այս մօտեցումը, սակայն, սխալ է, եւ շատեր գայթակղութեան մէջ կ՚իյնան այս մօտեցումին պատճառով: Աստուած մեզի հանգիստ եւ առանց դժուարութիւններու ու տրտմութիւններու կեանք չէ խոստացած, այլ՝ խոստացած է խաղաղ կեանք մը՝ Իր ներկայութեամբ եւ Իրմով ապրուած:
Մարդը կոչուած է միշտ ուրախ ըլլալու, ամէն ինչի մէջ ուրախ ըլլալու, մանաւանդ ուրախ ըլլալու Տիրոջմով, ինչպէս կը պատուիրէ Պօղոս առաքեալը. «Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջմով. դարձեալ կ՚ըսեմ՝ ուրախ եղէք» (Փլպ 4.4): Մարդ պարտաւոր է ամէն ինչի մէջ ուրախութիւն փնտռել եւ ուրախանալ թէ՛ հաճելի բաներով եւ թէ մանաւանդ տրտմեցնող եւ ցաւ պատճառող իրավիճակները ուրախանալու առիթի ծառայեցնելով:
Միւս կողմէ, պէտք չէ մոռնալ, թէ մարդ այնքան ատեն որ աշխարհի մէջ կ՚ապրի, միշտ ենթակայ է փորձութիւններու, նեղութիւններու, հիւանդութիւններու, ձախողութիւններու, տրտմութիւններու, եւ այլն: Կարեւորը այս բոլորը չեն սակայն, այլ՝ թէ մարդ ինչպէս կը դիմագրաւէ այս բոլորը, աւելին, ինչպէս այս բոլորին մէջ ուրախութեան նշոյլ մը գտնելով՝ կը կարենայ կատարելութեան ճամբան բռնել եւ Աստուծոյ միանալ:
Մեր Եկեղեցւոյ հայրերէն՝ Սարգիս Շնորհալի Վարդապետը կը գրէ. «Ուրիշ բան է հաճելի բաներով ուրախանալը, եւ ուրիշ բան՝ տրտմեցուցիչ բաները ուրախութեան արժանի համարելը։ Առաջինը յատուկ է բոլորին, իսկ միւսը՝ կատարեալներուն եւ Աստուծոյ միացածներուն»։
Չնեղուինք կամ չտրտմինք մեզի հանդիպող դժուարութիւններէն, ձախողութիւններէն ու փորձութիւններէն, ընդհակառակը, միշտ մեր միտքին մէջ ունենաք, թէ այդ բոլորը մեզի համար են եւ թէ մենք Աստուծոյ օգնականութեամբ ի զօրու ենք յաղթահարելու այդ բոլորը եւ արժանանալու յաւիտենապէս միանալու մեր Երկնաւոր Հօր, վայելելու Անոր ներկայութիւնը եւ երկնային սուրբ զօրքերուն հետ փառաբանելու զԻնք յաւիտեան: Ամէն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ