ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ՔՈՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Մելքիթ յունահռովմէական եկեղեցւոյ Լիբանանի եւ Զահլէ ու Ֆուրզոլի թեմի առաջնորդ Իպրահիմ Եպիսկոպոս Իպրահիմին, Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Լիբանանի, Զահլէի եւ Պաալպէքի թեմի առաջնորդ Անթուան էլ Սուրի մետրապոլիտը, որոնց կ՚ընկերանար «Կարտենիա Լեպնիզ Ֆարմս» ընկերութեան հիմնադիր տնօրէն Նիքոլաս Ապու Ֆայսալ։

Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին իր օրհնութիւնը փոխանցեց հիւրերուն՝ գոհունակութեամբ անդրադառնալով քոյր եկեղեցիներու հետ ձեւաւորուած ներկայ փոխյարաբերութիւններուն։ Իրենց հերթին, հիւր բարձրաստիճան եկեղեցականներն ալ Նորին Սրբութեան շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ իրենց զօրակցութիւնն ու աղօթակցութիւնը արտայայտեցին Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին ի նպաստ։ 

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։

Չորեքշաբթի, Յունիս 4, 2025