ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կիրակնօրեայ արարողութիւններուննախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան դպրացդասու անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու եւ երգեհոնահարութեամբ ՍիրունՍիրունեանի։ Ս. Պատարագին ներկայ էր նաեւ Գնալը կղզիի յունաց վանքէն Տ. Քիրիաքոս քահանան, ինչպէս նաեւարտասահմանէն ուխտաւորներ։
Ս. Պատարագի աւարտին սարքուեցաւ նախաճաշի սեղան մը՝ գլխաւորութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Ջերմ զրոյցի մթնոլորտի մէջ անցաւ այս սիրոյ սեղանը, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնըստացաւ փոքրիկն Սարվէն Ալէն Ներկիզ, որ կը նշէր իր տասնամեակը։ Տարեդարձի առթիւ հատուեցաւ նաեւկարկանդակ մը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս նոր սերունդի ներկայացուցիչներուննկատմամբ ցուցաբերեց ջերմ վերաբերմունք։ (Լուսանկարը՝ կղզիէն)