«ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿԸ ՎԱՐՈՒԻ ԲՌՆԱՊԵՏԻ ՄԸ ՆՄԱՆ»
Հայաստանի մէջ իշխանութիւններու կողմէ եկեղեցւոյ թիրախաւորման արձագանգները սկսած են ընդլայնուիլ միջազգային բեմահարթակի վրայ։ «Ազգային եկեղեցւոյ բարձրաստիճան անդամներու եւ անոր կողմնակիցներու բացայայտ հալածանքները՝ զայրացուցիչ, անհիմն ու քաղաքական մղումով հետապնդումներու միջոցաւ, ուղղուած են քննադատութիւնը ճնշելու եւ վերահսկողութիւն հաստատելու։ Սա արարքն է ոչ-ժողովրդական եւ քաղաքականապէս անգրագէտ վարչախումբի մը, որ իշխանութենէ կը կառչի որեւէ անհրաժեշտ միջոցաւ», արձանագրուած է «Amsterdam & Partners» միջազգային իրաւաբանական ընկերութեան զեկոյցին մէջ։
Այսպէս, պատրաստուած մանրամասն զեկոյցին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը մեղադրուի՝ յաջորդ տարուայ ընտրութիւններուն իշխանութիւնը պահելու իր ձգտման մէջ բռնապետի նման վարուելով։
Զեկոյցին մէջ շեշտուած է, որ Փաշինեանի ժողովրդականութիւնը վերջին տարիներուն լուրջ անկում մը կրած է, եկեղեցին կը շարունակէ վայելել բնակչութեան զանգուածային աջակցութիւնը։ Հայաստանի բնակչութեան 97,5 տոկոսը կը յայտարարէ եկեղեցւոյ նկատմամբ իր հաւատարմութիւնը։