ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մենք՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ պաշտօնավարող եպիսկոպոսներս եւ թեմակալ առաջնորդներս, Տիրոջ կամքով համախմբուած Հայոց Սրբութիւն Սրբոց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, գոհութիւն եւ փառք կը մատուցենք Ամենակալ Աստուծոյ՝ ծառայական մեր ուխտը վերանորոգելու այս առիթին համար։ 

Կը վերահաստատենք անսակարկ մեր սէրը, հաւատարմութիւնը եւ ամբողջանուէր ծառայութիւնը Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին, Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարթողիմէոս առաքեալներու քարոզութեամբ հաստատուած Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի տեսիլքով նուիրագործուած քրիստոսահիմն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին։

Խորապէս վրդովուած ենք Հայոց Եկեղեցւոյ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ բարձրաստիճան եկեղեցականներու դէմ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու եւ անձամբ վարչապետի հրահրած պախարակելի արշաւին պատճառով. բան մը, որ յառաջ կը տարուի հոգեւորականներու դէմ ատելութեան ու թշնամանքի տարածմամբ եւ անձնական բնոյթի վիրաւորանքներով ու անարգալից արտայայտութիւններով։

Հակաեկեղեցական այս արշաւը ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ աղէտաբեր հարուած հայ ժողովուրդին եւ հայոց պետականութեան՝ յատկապէս ազգային կեանքէն ներս եւ Հայաստանի շուրջ ծաւալուող գոյաբանական մարտահրաւէրներու համատեսքին մէջ։ Հայոց Եկեղեցւոյ տկարացումն ու հեղինակազրկումը կրնայ ձեռնտու ըլլալ միայն հակահայկական ուժերուն եւ հայութեան թշնամիներուն։ Խստօրէն կը դատապարտենք տարւոյս յունիսի 27-ին ուժային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն ներխուժումը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տարածք՝ Գերշ. Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը ձերբակալելու՝ եկեղեցականներու եւ հաւատացեալներու նկատմամբ բռնի գործողութիւններ իրականացնելու սպառնալիքով։ Տարակուսանք կը յառաջացնէ Միքայէլ Արքեպիսկոպոսը հարկադրաբար բերման ենթարկելու որոշումը, երբ ան պատրաստակամութիւն յայտնած էր կամովին ներկայանալ իրաւապահ մարմիններուն, ինչ որ տեղի ունեցաւ։ 

Իշխանութիւններու հակաեկեղեցական քաղաքականութեան ցայտուն դրսեւորումներէն է նաեւ ազգային բարերար տիար Սամուէլ Կարապետեանի ազատազրկումը, որ կապուած է Հայոց Եկեղեցին պաշտպանելու իր յայտարարութեան հետ։ 

Իշխող քաղաքական ուժի համակարգուած քարոզչութեան պայմաններուն ներքեւ ծանր մեղադրանքներով քրէական հետապնդում յարուցուեցաւ եւ ազատութենէն զրկուեցաւ նաեւ Գերշ. Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան։ 

Հոգեւոր մեր եղբայրներու, ազգային բարերարի եւ անոնց հետ կապակցուած մեր հայրենակիցներու դէմ հետապնդումները բացայայտօրէն կ՚ուղեկցուին իշխող քաղաքական ուժի բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու հրապարակային ուղղորդումներով եւ ատելութեան խօսքի տարածմամբ՝ մինչ դատարանի դատավճիռը արդէն իսկ մեղաւորներ կարգելով զանոնք։ 

Իշխանութեան նման գործելաոճը կոպտօրէն կ՚ոտնահարէ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած անմեղութեան կանխավարկածի եւ իշխանութիւններու բաժանման սկզբունքները, կը բացայայտուի, որ գործընթացը ունի քաղաքական դրդապատճառներ, որով եւ կասկածի տակ կը դրուի անոր օրինականութիւնը։

Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կը յորդորենք՝ անյապաղ ազատ արձակել հոգեւոր մեր եղբայրները, ազգային բարերարը եւ անոնց հետ կապակցուած մեր հայրենակիցները եւ գործել բացառաբար օրէնքի շրջանակներէն ներս՝ ապահովելով անոնց արդար դատաքննութեան իրաւունքը։ Անհանդուրժելի կը համարենք ինչպէս իշխանութեան, այնպէս ալ ոեւէ մէկու ոտնձգութիւնը՝ ուղղուած Հայրապետական Աթոռին եւ եկեղեցական կանոնական սկզբունքներուն։

Որդիական խոնարհութեամբ եպիսկոպոսաց դասս եւ թեմակալ առաջնորդներս մեր հաւատարմութիւնը կը յայտնենք Հայոց Եկեղեցւոյ ազգընտիր գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Հայոց Եկեղեցին, բարձրագոյն մարմին ունենալով Ազգային-եկեղեցական ժողովը, յետ այսու եւս պիտի ղեկավարուի դարերով սրբագործուած իր ընթացակարգերով՝ բացառելով արտաքին որեւէ միջամտութիւն։ 

Հայոց Եկեղեցւոյ հոգեւոր դասը Հայաստանի մէջ եւ ի սփիւռս պիտի շարունակէ տարածել Յիսուս Քրիստոսի ճշմարիտ վարդապետութիւնը եւ հոգեւոր ու ազգային ոգիով կրթել մեր ժողովուրդի զաւակները՝ հոգածու եւ պատշաճ արձագանգելով թէ՛ ազգային ներքին ու պետական ներքին եւ թէ արտաքին մարտահրաւէրներուն՝ իրացնելով ճշմարտութեան խօսնակ ըլլալու Տէրունի պատգամը (հմմտ. Յով. 8.32)։ 

Կոչ կ՚ուղղենք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ զաւակներուն՝ հաստատուն մնալ առ Աստուած հաւատքի մէջ, հաւատարիմ՝ ազգային սրբութիւններու ու նուիրական արժէքներու պաշտպանութեան դիրքերուն մէջ եւ չտրուիլ պառակտիչ գործողութիւններու։ Կ՚աղօթենք, որ երկնաւոր Տէրը խաղաղութեան մէջ արդար, բարօր եւ ապահով պահէ Հայաստան մեր հայրենիքն ու Աստուածօրհնեալ հայ ժողովուրդը, անսասան՝ իր իսկ հիմնած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, որ յենասիւնն է հայոց ինքնութեան եւ պետականութեան ու ծաղկեալ՝ Հայրապետական գաւազանը Հայոց Հայրապետի։

Շաբաթ, Յուլիս 5, 2025