ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջին օրերուն շնորհաւորական մը ուղարկած է՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, որ թեւակոխած է իր գահակալութեան 26-րդ տարին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի շնորհաւորականին բովանդակութիւնը։
*
Վեհափառ Տէր,
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակութեան հոգեւորականներու, Եկեղեցական խորհուրդներու, հաւատացեալ մեր ծխականներու եւ անձիս կողմէ կ՚ուզեմ շնորհաւորել Ձերդ Սրբութեան գահակալութեան 26-րդ տարեդարձը։
Հայ Եկեղեցւոյ ու հայրենիքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներով լեցուն այս ժամանակաշրջանին խորապէս երախտապարտ ենք՝ տեսնելով Ձեր անսասան հաւատքը եւ անսակարկ նուիրումը։ Իբրեւ քաջ հովուապետ՝ Դուք հետեւեցաք մեր Տիրոջ օրինակին. «Ես եմ հովիւն քաջ. հովիւ քաջ զանձն իւր դնէ ի վերայ ոչխարաց»:
Վեհափառ Տէր, քաջութեամբ ու քրիստոնէական սիրով՝ Դուք շարունակեցիք հետեւիլ մեր Տիրոջ կանչին՝ իբրեւ Հայրապետ Ամենայն Հայոց։ Անցեալ 26 տարիներու Ձերդ Սրբութեան հովուապետական առաքելութիւնը մեզի կը յիշեցնէ Մատթէոսի Աւետարանին մէջ արձանագրուած Քրիստոսի հետեւեալ խօսքերը. «Եթէ մէկը կ՚ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող ինքզինք ուրանայ, խաչը վերցնէ եւ իմ ետեւէս գայ»: Տարիներ շարունակ այս վկայութեամբ, Դուք եղաք ո՛չ միայն հովիւ հոտին, այլեւ անխոնջ մշակ՝ հայոց հաւատքի ու Եկեղեցւոյ, հայոց յաւիտենական արժէքներուն։ Մարտահրաւէրներու ու դժուարութիւններու դէմ՝ Ձեր քաջութիւնը եւ հայրական հոգատարութիւնը եղան լոյսի եւ յոյսի օրինակ մեր ազգին համար։ Ձեր խաչակրութիւնը՝ սիրով ու հաւատքով լի, վկայութիւն մըն է անհուն սիրոյ՝ Հայ Եկեղեցւոյ եւ մեր հայրենիքի նկատմամբ։
Վեհափառ Տէր, թող Տէրը պարգեւէ Ձեզի առողջութիւն, երկնային իմաստութիւն եւ համբերութիւն, որպէսզի շարունակէք Ձեր առաքելութիւնը ի բարօրութիւն Հայ Եկեղեցւոյ եւ մեր ազգին։
Կը մատչիմ ի համբոյր Ձերդ Սրբութեան Ս. Աջոյն,
Խոնարհաբար՝
ԽԱԺԱԿ ԱՐՔԵՊՍԿ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ