ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Երուսաղէմի յունաց պատրիարքարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ կարեւոր հաւաք մը։ Այսպէս, Ս. Զատկի տօներուն ընդառաջ, Սուրբ Երկրի պատրիարքները, ներկայացուցիչները եւ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները համախմբուեցան՝ քննարկելու համար մօտալուտ Ս. Յարութեան տօնի շնորհաւորութիւններուն, նաեւ ծրագրեալ միասնական հաղորդագրութեան բովանդակութեան վերաբերեալ հարցեր։

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան անունով այս հաւաքին ներկայ գտնուեցաւ Ս. Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան։

Ներկայ տարին կը համընկնի Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովի գումարման 1700-ամեակին՝ մինչ համաքրիստոնէական հարթութեան վրայ փոխադարձ ըմբռնում գոյացած է, որպէսզի Ս. Զատիկը տօնախմբուի նոյն թուականին։ Երուսաղէմի մէջ Հայ, Յոյն եւ Կաթոլիկ եկեղեցիները բոլոր տաղաւարները հերթով կը նշեն՝ ըստ զանազան տոմարներու, ինչ որ առիթ կ՚ընձեռէ համաքրիստոնէական սրբավայրերու ձեւով մը հաւասար օգտագործման։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին Սուրբ Երկրի մէջ կը հետեւի Հին տոմարի։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2025