ՍՐԲՈՑ ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏԱՑ ՏՕՆԸ ՊԱԼԱԹՈՒ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Սրբոց Հրեշտակապետաց տօնը շաբաթավերջին աւանդական շուքով նշուեցաւ Պալաթու համանուն եկեղեցւոյ մէջ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան նախագահեց տօնակատարութիւններուն, որոնց ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչն էր Տ. Ներսէս քհնյ. Այվազեան։ Արարողութեան մասնակցեցան պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սայաթ սրկ. Չնարեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութիւնը եւս գլխաւորեց Նորին Ամենապատուութիւնը, որ շրջապատուած էր հոգեւոր հայրերուն կողմէ։ Սիրոյ սեղանը անցաւ բարձր տրամադրութեան պայմաններու ներքեւ։ Պալաթու Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Գաւաֆեան եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնորորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։
Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հուսկ բանքով։