ՄԵԾ ԵՐԱԶԻ ՄԸ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՄԸ
Աշխարհը արդէն տեղեակ է, թէ այս տարի (2026), Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը դառնայ 250 տարեկան: Թուական մը, որ բոլորի մտքին առջեւ կը բանայ մտածումի նոր ակօսներ:
Անոր համար, մեր ապրած այս հսկայ, հզօր եւ հարուստ երկիրը՝ բաղդատմամբ եւրոպական եւ ասիական շատ ու շատ երկիրներու, որոնք ունեցած էին պատմական հարուստ անցեալ, կը նկատուէր իբրեւ «նոր» եւ կը կոչուէր նաեւ «Նոր Աշխարհ»: Ամերիկա՝ ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀ:
Արդ, կ՚ուզեմ յիշեցնել, թէ անձնապէս պատմաբան մը չեմ եւ ո՛չ ալ հեքիաթ պատմող: Աւելին՝ նոյնիսկ քաղաքականութեամբ զբաղուող մըն ալ չեմ: Այլ՝ պարզապէս աշխարհի պատմութեան համեստ հետեւող մը, որ այս յոբելենական թուականին առթիւ կը փորձէ քանի մը կէտեր ընթերցողին ուշադրութեան յանձնել:
Թուական մը,- ըսի, պէտք էր նաեւ անպայման աւելցնէի, մեր կողմէ գնահատանքի տուրք հասկացողութիւնն ալ: Որովհետեւ թուականներու յիշատակումներէն աւելի, էական են մեր ընկալումներն ու մեր գնահատանքի չափերը:
250 տարի.- յոբելենական թուական համարուած է: Ուստի, այս մասին նշումը, նաեւ վերաժեւորում կ՚ենթադրէ: Ու բոլորին նման, ինծի համար ալ լաւ առիթ մըն է թղթատելու 250 տարեկան այս երկրի ծնունդի պատմութիւնը ու իմ կարծիքով՝ լոյսին բերել անոր գլխաւոր եւ էական ու հետաքրքրական կէտերը:
Եւ ահա…
•1776, յուլիս 4-ին հռչակուած, մեծ եւ համատարած յեղափոխութենէ մը ծնունդ առած անկախութիւնը, նաեւ կոչուած է «մեծ երազի մը իրականացումը»:
•Ինչպէ՞ս յաջողեցաւ այս «յեղափոխութիւնը»:
•Ինչպէ՞ս այս երկրի հիմնադիրները, այլ խօսքով՝ նախահայրերը, համակարգեցին իրենց ջանքերը, հազարաւոր մղոններ տարածութիւն ունեցող 13 գաղութներու միջեւ, երբ նոյնիսկ Պոսթընէն մինչեւ Չալստոն, նամակ մը հասցնելու համար, պէտք էր ձիով երկու շաբաթ ճամբորդել, իսկ այլ միջոցներով՝ ամիսներ:
•Բայց… հակառակ այս մեծ դժուարութիւններուն, հազարաւոր գաղտնի նամակներ, լուրեր, հրահանգներ եւ ծրագիրներ, գիշեր-ցերեկ ձիերով կամ անձնական կառքերով ճամբորդելով, փոխանակուած էին գաղութներու յեղափոխականներու միջեւ:
•Նամակներուն եւ արձակուած հրահանգներուն եւ անոնց իրագործումներուն փոխանակումները, եկեղեցիներուն, սրճարաններուն, պարերուն եւ հրապարակներուն մէջ, ձիւներու եւ ցեխերու մէջ արիւնէն ծնած ազգ մը, փոխեց աշխարհը, նաեւ փոխեց ազատութեան մասին մարդուն ունեցած պատկերացումները եւ այսօր իր երկիրը դարձուց առաջատար ու նոյնիսկ աշխարհը առաջնորդող:
•Շնորհիւ Սեմիըլ Էտըմսի կողմէ ստեղծուած նամակատարական կոմիտէներուն՝ հարիւրաւոր հանդիպումներ ծրագրուած եւ իրականացած էին:
•Գաղութներէն ներս, յեղափոխութեան կեդրոնական համակարգիչներն էին օրուան գրողները, մտաւորականները, մտածողները եւ հոգեւորորականներն ու դասատուները:
•Բոլոր գրողներն ու հոգեւոր եւ քաղաքական գործիչները հոգի դրած էին իրենց բառերուն եւ իրենց յատուկ ոճով ու խանդավառութեամբ՝ ժողովուրդը առաջնորդած դէպի զէնքին եւ անկախութեան տիրանալու գաղափարին:
•Ամենէն էականը այս բոլորին մէջ, մեծերու՝ «նախահայրեր» կոչուելիք անձերուն, իրարու հանդէպ ունեցած վստահութիւնն էր եւ բոլորին մօտ՝ «յեղափոխական» այս հսկայ ծրագրին ու անոր հուրին հանդէպ վառ պահուած ոգին:
•Անկախութեան հիմնադիր նախահայրերուն կատարած ամենամեծ աշխատանքը ո՛չ միայն անկախութեան հռչակումն էր եւ ո՛չ ալ մարտադաշտերուն տարուած յաղթանակները, այլ՝ «յեղափոխականներուն» գաղտնի ու զարմանալիօրէն աշխոյժ, նաեւ իրարու հետ հաղորդակցելու հրաշալի ու օրինակելի կարողականութիւնը: Բոլորին մօտ, առանց տատամսելու եւ մեծ համոզումով՝ մէկ հաւատք, մէկ նպատակ եւ մէկ երազանք ունենալն էր: Ժամը հասած էր ստեղծելու նոր երկիր մը եւ այս ձեւով ծնունդ տալու նոր ազգի մը վճռական ներկայութիւնը:
•Օրուան յիշարժան «հերոսներէն» եւ նոյնքան ալ պատմական մեծ դէմքերէն.-
Ճորճ Ուաշինկթըն, Պենժամին Ֆրանքլին, Ճոն Հենքոք, Սամուէլ Էտըմս, Ճոն Էտըմս, Թամըս Ճեֆըրսըն, Փաթրիք Հենրի եւ շատ շատեր:
•Յիշենք նաեւ, որ բոլոր աշխատանքները յանկարծ ծնունդ չառին, այլ երկարատեւ տառապանքի, ճնշումի, բռնակալի շահագործումներու հետքերուն պատճառով ծնունդ առին:
•Այլ խօսքով՝ այս ազդակներն էին, որոնք ժողովուրդը դրդեցին ապստամբելու եւ իր հողերուն ազատութեան տիրանալու:
•Մինչեւ մոլեգին մարտերու մղումը, 1776-ի ամրան էր, որ որոշում առնուեցաւ «անկախութիւն», կամ՝ «կախաղան» լոզունգը…
•Ապա, մայր ցամաքամասի քոնկրէսը, Ֆիլատելֆիոյ մէջ, վերջնական որոշում տալու համար, Ռիչըրտ Հենրի կոչուած մեծ յեղափոխականը, իր հեղինակած հռչակագրին սեւագրութիւնը յանձնած էր 33 տարեկան երիտասարդ իրաւաբան՝ Թամըս Ճեֆըրսընին: Ան ալ իր կարգին, 17 օր ինքզինք իր սենեակէն ներս արգելափակելով, սրբագրելով նոր բառեր եւ տողեր աւելցնելէ, մտածումները նորոգելէ, յաւելումներ եւ ճշդումներ ալ կատարելէ եւ պատմական այս հռչակագիրը վերջնականապէս պատրաստելէ ետք, զայն յանձնած էր օրուան քոնկրէսին:
•Ու վերջապէս, 1776 թուականի յուլիսի 4-ին, քոնկրէսը վաւերացուց հռչակագիրը եւ ահա վերջնականապէս հռչակուեցաւ գաղութներու անկախութիւնը:
•Մինչ, վճռական մարտերը մոլեգին կը շարունակուէին, հռչակագիր-փաստաթուղթը նախ Ֆիլատելֆիոյ մեծ հրապարակին վրայ կարդացուեցաւ բարձրաձայն: Օրին եւ նոյն ժամուն, եկեղեցիներու զանգերը հնչեցին, ինչպէս նաեւ՝ թնդանօթները գոռացին, նոյնիսկ Մեծն Բրիտանիոյ թագաւոր՝ Ճորճ Գ.-ի արձանը քար ու քանդ ըրին:
•Բոլորը լաւատեղեակ էին, որ փաստաթուղթի ստորագրութիւնը երազանք պիտի ըլլար, եթէ պատերազմի դաշտին վրայ պարտութիւն կրէին:
•Կա՛մ ազատութիւն. կամ՝ կախաղան: Այս էր օրուան գլխաւոր նշանաբան-լոզունգը: Ներշնչող հոգեկան իրականութիւն:
•Երբ Մեծն Բրիտանիան ընդունեց իր պարտութիւնը, աշխարհ կարծես գլխիվար դարձած ըլլար:
•Ահա այս պատմական հռչակագրի ամփոփ ծնունդը:
*
Արդ… հո՛ս է մեծութիւնը ժողովուրդի մը ե՛ւ կամքին, ե՛ւ անոր կապուած կորովին: Այստե՛ղ է նաեւ առաքելութիւնն ու յանձնառութիւնը: Ոգեւորիչ: Հպարտութիւն առթող:
Գիտենք, որ անկախութիւնը մարդու լիարժէք դրսեւորման բնական իրաւունքն է:
Ասիկա չհինցող, չմաշող եւ ամէն անգամ կրկնուող ապրում մըն է:
Կրնայ ըլլալ, որ այս բոլորը շատերուն համար լոկ գաղափարներ թուին, պարզապէս անձնական մտորումներ, սակայն, հակառակ այս բոլորին կը հաւատամ, որ որեւէ գործունէութիւն կը սկսի գաղափարով, որուն պէտք է յաջորդէ գործնական աշխատանքը:
Ու յարատեւութիւնն է, որ պիտի պայմանաւորէ նպատակին յաջողութիւնը: Չմոռնանք, անկախութիւնը կ՚ենթադրէ իւրաքանչիւր մարդու իրաւունքներու պահպանում: Ու երկրի մը անկախութիւնը մեծ աշխատանքի շնորհիւ պայմանաւորուած է եւ ձեռք կը ձգուի թէ՛ արեան գինով եւ թէ այդ երկրի մարդկային որակի զարգացման եւ կատարելագործման ցանկութեամբ:
Անկախութիւնն ու ազատութիւնը կը սկսի հոգիի եւ մտքի անկախութենէն եւ ազատութենէն:
Է՜հ, վերջապէս անկախութիւնն է, որ կ՚արթնցնէ ժողովուրդի մը ոգին:
Անշուշտ, այս «բոլորին» ծանօթ ենք, նաեւ էք…: Իսկ գալով մեզի:
Համեստօրէն ըսենք, որ մենք ալ նոյն ճամբայէն անցած ենք: Վկայ մեր պատմութիւնը: Մենք ալ աշխարհի բոլոր յեղափոխական շարժումներու նման, այդ «ակէն» ջուր խմած ենք: Հայ հողի անկախութեան համար արիւն թափած, որովհետեւ մեզի համար ալ մեր երկրի անկախութիւնը, սակարկելի հասկացողութիւն մը չէր: Երբեք: Ու մեզ ապրեցնողն ու խրախուսողը՝ մեր գոյութեան հաւատքն էր:
Իմ կարծիքով՝ հայ ժողովուրդի ամենամեծ տօնը իր հայրենիքի անկախութեան օրն է: Դարեր շարունակ բազմաթիւ սերունդներ երազած էին իրականացած տեսնել Հայաստանի անկախ պետականութիւնը: Հայկ Նահապետի օրէն ի վեր, անկախութիւն բառը նստած մնացած էր մեր սրտերուն վրայ: Անոր համար, իբրեւ նուիրական նպատակ եւ գաղափար՝ դարերով կապուած եւ արթուն մնացած էինք այդ երազին:
Ցաւ ի սիրտ, այսօր բազմաթիւ երեւոյթներ կը խամրեցնեն մեր հայրենի երկրի անկախութեան արժէքը: Այս ուրիշ հարց է…:
Արդ, 1776-ի յուլիսի 4-ով սկսող անկախութեանդ 250 ամեակը… ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ… Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Լոս Անճելըս