ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԽՕՍՔ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՇՌԱՅԼՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄՍԽՈՒՄԻ ԴԷՄ

Ամրան երբ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հին թիւերը կը թերթատէի, ուշադրութիւնս գրաւեց երանաշնորհ Շնորհք ՊատրիարքԳալուստեանի «Հայրական խօսքը»՝ ուղղուած ժողովուրդին: Խօսքին բովանդակութիւնը այնքան այժմէական է, որուզեցի անպայմանօրէն կիսուիլ մեր ընթերցողներուն հետ:

Երանաշնորհ պատրիարքին հայրական խօսքը շռայլութեան եւ մսխումի երեւոյթներու մասին է: Շատ հաւանաբարպատրիարքը ականատես եղած է նման երեւոյթներու, որով փափաքած է Հայրական խօսքով դիմել իր ժողովուրդիզաւակներուն: Այդ երեւոյթներն են նշանտուքներու, ծաղկեպսակներու, պարահանդէսներու ընթացքին կատարուածշռայլութիւնները: Երեւոյթներ, որոնց այսօր եւս ականատես կը դառնանք եւ ցաւալի է, որ մեր ժողովուրդը մինչեւայսօր նոյն ախտերէն կը տառապի: Այդ երեւոյթներուն կարելի է աւելցնել հարսանեկան եւ մկրտութեանխրախճանքները, տարեդարձները, ամառնային արձակուրդները, եւ այլն:

Շնորհք Պատրիարքի հայրական այս խօսքը հրատարակուած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ՝ 21 եւ 22 յունուար 1974-ին: 

Միասնաբար կարդանք երանաշնորհ պատրիարք հօր հայրական խօսքը, որով պիտի համոզուինք եւանդրադառնանք, որ շատ բան չէ փոխուած անցնող շուրջ յիսուն տարիներուն, ընդհակառակը այդ երեւոյթները ո՛չմիայն խորացած են այլեւ աւելցած: Կարդա՛նք.

*

Կ՚ապրինք ժամանակներու մէջ, որոնք կը հրաւիրեն զմեզ, աւելի շիտակ կը պահանջեն մեզմէ՝ աւելի լուրջ եւաւելի շրջահայեաց ըլլալ: Աշխարհի վիճակը ընդհանրապէս ոչինչ ունի յուսալից եւ սրտապնդիչ. իսկ տնտեսականկացութիւնը բացայայտօրէն անստոյգ եւ մտահոգիչ է: Սղութիւնը, ինչպէս ծանօթ է ամենքիդ, գլուխն առած կը քալէսանձարձակ: Այս իսկ պատճառով մեր համայնքային հարստութիւնները հազիւ ծայրը ծայրին կը բեբեն իրենցելեւմուտքը:

Իրաց այս կացութեան առջեւ մենք մտահոգութեամբ կ՚անդրադառնանք, որ յաճախ շռայլութեանցուցադրութիւններ կ՚ըլլան մեր շրջանակներու մէջ: Երբ այնքան աղաղակող են մեր համայնքային կարիքները, երբայնքան անստոյգ են ժամանակները, երբ այնքան արագ եւ օրը օրին կը բարձրանան գիները, այլեւս աններելի կըդառնայ շռայլութեան եւ վատնումի ամէն արարք:

Ուստի, պարտք կը զգանք մեր սիրեցեալ ժողովուրդի լուրջ նկատառման յանձնել հետեւեալ քանի մը կէտերը, ուրմենք կ՚ենթադրենք, թէ շռայլութեան ցուցադրանքներ եւ յումպէտս վատնումներ տեղի կ՚ունենան:

Ա. ՆՇԱՆՏՈՒՔՆԵՐ

Իսթանպուլի մէջ սովորութիւն եղած է նշանտուքները կատարել փառաւոր ճաշասեղաններով, նոյնքան փառաւորսրահներու մէջ: Ոչ ոք կրնայ առարկել, թէ նշանտուքը, իբրեւ ընտանեկան ուրախառիթ դէպք մը, տօնուի հաւաքականուրախութեան սեղանով մը: Սակայն այս երբէք չի նշանակեր, որ ուրախութեան այդ խրախճանքները անպատճառկատարուին փառաւոր սրահներու մէջ, նոյնքան փառաւոր ճաշերով եւ յարակիցներով:

Նշանտուքը զուտ ընտանեկան դէպք մըն է, որ կը հետաքրքրէ խնամիացող երկու ընտանիքները եւ իրենցանմիջական ազգականական ու մտերմական սեղմ շրջանակը: Ու լաւ է, որ դուրս չգայ այդ մտերմիկ շրջանակէն. նախորովհետեւ իրական ու պարկեշտ ուրախութիւնը առհասարակ ընտանեկան շրջանակին մէջ կ՚իրականանայ, երկրորդ «եւդժբախտաբար» նշանտուքներէն ոմանք կը վերջանան «ֆիասքօ»ով: Որքան լայննայ շրջանակը՝ «ետ ըլլալու» գայթակղութիւնը այնքան տարածուն կ՚ըլլայ, որքան հեռանան սեղանները տուներէն, այնքան հակամէտ է խրախճանքըդուրս գալու պարկեշտութեան եւ պատշաճութեան սահմաններէն, որքան «փառաւոր» ըլլայ սրահը կամ սեղանը, նոյնքան փառաւոր կ՚ըլլայ նաեւ ծախքը, զոր հոգալու համար ոմանք նոյնիսկ պարտքի տակ կը մտնեն: Եթէ նիւթականպարտքի բեռին տակ չմտնեն անգամ, չեն կրնար ազատիլ խղճի բեռէն՝ եթէ ունին, երբ ասդին տեսակ-տեսակ ըմպելիներջուրի պէս կը հոսին ի վնաս ենթականերու թանկազին առողջութեան եւ սարքողի գրպանին, անդին՝ հարիւրաւորմանուկներ կարօտը կը քաշեն կէսօրուան տաքուկ կերակուրի մը:

Կ՚իմանանք նաեւ, որ նշանտուքները ելլելէ յետոյ իրենց ընտանեկան գիծէն, կը կատարուին այնպիսի տեղեր եւայնպիսի «փրոկրամ»ներով, որոնք ոչ միայն հաշտ չեն մեր ընտանեկան սրբութեան ըմբռնումին հետ, այլ նաեւ հեռուեն մինչեւ իսկ պարկեշտութեան տարրական պահանջքներէն:

Ուստի, մեր հայրական թելադրանքն է, որ նշանտուքի սեղանները վերստին ամփոփուին ընտանեկան յարկերէներս, ուր որ հնարաւոր է: Ամէն պարագայի դադրին մեծածախս շռայլութեան ցուցադրանքներ ըլլալէ, որոնք կրնանյոռի անդրադարձ ունենալ ենթականերուն եւ համայնքին վրայ, յատկապէս ներկայ ժամանակներու մէջ, երբ երկիրըկ՚անցնի տնտեսական տագնապի շրջանի մը մէջէն: Ուր որ հնարաւոր չէ նշանտուքները կատարել ընտանեկան սեղմշրջանակներու մէջ, կատարել զանոնք գէթ մեր համայնքային սրահներու մէջ, որոնցմէ ոմանք գրեթէ ոչինչով վար կըմնան դուրսի սրահներէն, բացի իրենց պահանջած վարձերէն: Իսկ առաւելութիւնը՝ նախ շրջանակին մտերմութիւնն է եւապա խնայողական ըլլալն է: Չենք յիշեր այլեւս ազատագրումը այն մեղադրելի չափազանցութիւններէն, որոնքանխուսափելի կը դառնան դուրսի փարթամ շրջանակներու մէջ, եւ որոնք պատիւ չեն բերեր ո՛չ նշանտուքի տիրոջ, ոչալ՝ մեր համայնքին:

Արդ, նկատի ունենալով նշանտուքի կրօնական նկարագիրը եւ քահանայ մը ունենալու անհրաժեշտութիւնը մէկկողմէն, եւ նկատի ունենալով նաեւ հանրային սրահներու կամ հասարակաց ճաշարաններու մէջ մատուցուած միւզիքիեւ թատերական տեսարաններու ծանօթ որակը միւս կողմէն, մենք այսու կը տնօրինենք, որ ոչ մէկ կրօնականարարողութիւն տեղի ունենայ, երբ նշանտուքները կը կատարուին հասարակաց վայրերու կամ հանրայինճաշարաններու մէջ, ուր ներկայ են ամէն տեսակ մարդիկ, կամ կը մատուցուին ամէն տեսակ երգ ու թատերականտեսարաններ: Այս տնօրինութիւնը կարեւորութեամբ կը յանձնենք մեր քահանայ հայրերու եւ սիրելի ժողովուրդինկատառման:

Իսկ երբ նշանտուքները կը կատարուին ընտանեկան շրջանակներէ ներս, կամ մեր համայնքային սրահներու մէջ - միշտ պատշաճութեան եւ պարկեշտութեան կանոններու համաձայն - կը կատարուի նաեւ կրօնական արարողութիւնըըստ աւանդական սովորութեան:

Բ. ԾԱՂԿԵՊՍԱԿՆԵՐ

Որքան ալ ազնիւ մտածումի մը կամ յարգալիր զգացման մը արտայայտութիւնը համարուի ծաղկե-պըսակ ղրկելըծանօթի մը յուղարկաւորութեան, այսուհանդերձ ներկայիս այս սովորութիւնը այլեւս պարպուած է իր սկզբնականիմաստէն եւ վերածուած է ծաղիկներու աժան ցուցահանդէսի մը. հետեւաբար ծաղկի համար եղած ծախքն ալ չիծառայեր իր նպատակին:

Որով՝ թէ՛ հանգուցեալը եւ թէ անոր ընտանեկան պարագաները յարգելու լաւագոյն կերպը փոխան ծաղկեպսակի՝նուիրատուութիւն կատարելն է: Սա աւելի գեղեցիկ պսակ մըն է, որ չի թառամիր, ինչպէս արդարեւ կ՚ըլլան ժամ մըվերջ, հողակոյտին վրայ անպէտ գոյքի մը պէս նետուած ծաղիկները: Նուիրատուութիւնները սիրոյ եւ ուրախութեանժպիտը կը ծաղկեցնեն մեր կարօտ մանուկներու դէմքերուն վրայ, եւ շնորհակալութեան ու երախտիքի զգացումով կըլեցնեն մեր հանրային հաստատութիւնները: Կը հրճուեցնեն հանգուցեալի հոգին եւ գոհունակութեամբ կը լեցնենընտանեկան պարագաներու սրտերը:

Ուրախ ենք անդրադառնալու, որ մեր համայնքը իր մեծամասնութեամբ արդէն իսկ որդեգրած է փոխանծաղկեպսակի նուիրատուութիւն ընելու ազնիւ սովորութիւնը. ուրախ ենք անդրադառնալու նաեւ, որ մեր լուրջ եւգիտակից ընտանիքները արդէն իսկ իւրացուցած են «կը խնդրուխ ծաղկեպսակ չղրկել» բանաձեւը:

Արդ, կ՚ուզենք, որ այս կրկնակ գովելի ոգին եւ սովորութիւնը աւելի եւս տարածուի եւ դառնայ ընդհանրական:

Գ. ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍՆԵՐ

Բացայայտ է, թէ մեր բոլոր պարահանդէսները կ՚ըլլան յօգուտ մեր բարենպատակ հաստատութեանց. եւհետեւաբար խորքին մէջ զոհողութեան արտայայտութիւններ են: Բայց մեր դրացիները կամ միւս հայրենակիցներըհաւանաբար չեն գիտեր այս շարժառիթը, ուստի երեւոյթէն միայն դատելով՝ կը խորհին, որ մեր համայնքը «քէյֆ» ընելէզատ ուրիշ գործ չունի, քանի որ ձմրան այս շրջանին մանաւանդ՝ ամէն ամիս մէկէ աւելի պարահանդէսներ տեղիկ՚ունենան այս ու այն «շքեղ» սրահներուն մէջ: Գիտենք նաեւ, թէ այս տարուան մեր համայնքային պարահանդէսներըկամ թէյապարերը արդէն իսկ որոշուած են, սրահները վարձուած են ու կազմակերպիչ յանձնախումբերը՝ գործի լծուած: Այնուհանդերձ մենք չենք դադրիր մեղադրելի գտնելէ ասոնց շատութիւնը ու պարահանդէսներու ընթացքին երբեմնտեղի տրուած չափազանցութիւնները եւ արդուզարդի մեծածախս շռայլութիւնները:

Մենք ուրիշ առիթով մը ըսած ենք ու կը կրկնենք. «Ամէն պարահանդէսէն դուրս կու գանք համայնքովին քիչ մըաւելի աղքատացած»: Պարզ նուիրահաւաքութեան մը պարագային կը հարստանան թէ՛ տուողը եւ թէ ստացողը: Իսկպարահանդէսներուն ծախսելով՝ կ՚աղքատանանք՝ թէ՛ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս: «Կը նմանինք գործը չգիացողվաճառականի մը, որ 5 լիրա շահելու համար տասը լիրա կը ծախսէ»:

Կարգ մը հաստատութիւններ, նկատի ունենալով վերոյիշեալ անպատեհութիւները, պարահանդէսներու փոխարէնսկսած են կազմակերպել հանգանակութիւններ: Մենք գնահատելի կը գտնենք այս փոփոխութիւնը, եւ կըյանձնարարենք մեր պատուական ժողովուրդին, որ համայնքովին որդեգրենք զայն յառաջիկայ տարիներու համար:

Ուստի, կոչ կ՚ընենք ամենքիդ, որպէսզի քաջալեր հանդիսանաք բոլոր անձնուէր նուիրահաւաքներուն եւ սիրով ուշնորհակալութեամբ ընդունինք զանոնք, որոնք կու գան ձեզմէ իւրաքանչիւրին յիշեցնելու համար ձեր ընկերային ուհամայնքային կարեւոր մէկ պարտաւորութիւնը, յատկապէս Մեծ պահքի յառաջիկայ օրերուն, երբ աւելի տրամադիրկ՚ըլլան մարդիկ բարիք ընելու: Ու եթէ չենք կրնար կատարել մեր աւանդական պահեցողութիւնը ըստ պահանջքի, գէթնիւթական զոհողութեամբ փոխարինենք եղած կամայ կամ ակամայ զանցառութիւնը: Որքան շատ թիւովնուիրահաւաքներ այցելեն մեզի, այնքան շատ առիթ կը տրուի մեզի բարեգործութեան, որ միակ բարոյական դեղն էթեթեւցնելու մեր մեղքերուն կամ թերացումներուն ծանրութիւնը: «Քեզմէ ուզողին տուր եւ երեսդ մի դարձներ» կըպատգամէ մեր Տէրը, որ եթէ ինք զինքը զոհեց ամենքիս փրկութեան համար, գէթ մենք ալ նիւթական փոքրզոհողութիւններ ընենք մեր համայնքային հաստատութեանց փրկութեան սրբազան գործին համար:

Նուիրատուութեամը ի վերջոյ շահողը թէ՛ տուողներն են անհատապէս եւ թէ համայնքն է հաւաքաբար: Նախորովհետեւ պարահանդէսի մը պարագային հաւանաբար կրկնապատիկը կամ աւելին պիտի պարտաւորուէիք ծախսել՝քան ինչ որ կու տաք հանգանակութեան մը ընթացքին: Ու անգլիական առածը կ՚ըսէ. «Խնայուած փենի մը, շահուածփենի մըն է»:

Մեր ժամանակներու ամենէն տարածուած հիւանդութիւններն են սրտի տագնապները, «էնֆարքթիւս» եւ«քոլէսթէրոլ» ըսուածները, որոնց մեծագոյն մասը արդիւնք են չափէն աւելի կերուխումին, շռայլութեանց եւ անհաշիւծախսերուն, որոնք ի վերջոյ կ՚առաջնորդեն մարդը անձկութեանց եւ մտահոգութեանց, որոնք երկրորդ գլխաւորպատճառներն են վերեւի մահացու հիւանդութեանց: Ասոնցմէ ազատ մնալու համար հեռու մնալ պէտք էշռայլութիւններէ: Եթէ մեզմէ ոմանք իրենց պէտք եղածէն աւելի դրամ ունին եւ ծախսելու տեղ կը փնտռեն, բարեսիրական հաստատութիւնները լաւագոյն տեղերն են ծախսելու՝ մանաւանդ ներկայ ժամանակներու մէջ: Փոխարէնպիտի ունենանք ընկերային ձեր բարոյական պարտականութիւնը կատարած ըլլալու սրտի խաղաղութիւնը եւ հոգիիգոհունակութիւնը, որոնք շատ աւելի կը նպաստեն առողջութեան՝ քան ամենէն ազդու դեղերը: Այդ կերպով կըվաստկիք նաեւ համակրանքը եւ սէրը ձեր նմաններուն, որովհետեւ Աւետարանն ալ կը յանձնարարէ. «Ձեզիբարեկամներ շինեցէք անիրաւ մամոնայէն - նիւթական հարստութենէ - որպէսզի երբ այլեւս ի ձեռին չունենաք զայն, ընդունուիք յաւիտենական յարկերէն ներս»: Ատով կը շահինք նաեւ հաճութիւնը Աստուծոյ, որ «զուարթառատնուէրները կը սիրէ» եւ որ ըսած է. ինչ որ ձեր նմաններուն կու տաք, ինծի տուած կ՚ըլլաք:

Ուստի հայրաբար կը թելադրենք մեր ժողովուրդին՝ հեռու մնալ շռայլութեան ցուցադրութիւններէ եւ հրաժարիլյումպէտս ծախսերէ, որոնք կրնան վնասակար անդրադարձ ունենալ թէ՛ ենթականերուն եւ թէ մեր համայնքին վրայ:

*

Մէկ երկու մտածումներ Շնորհք Պատրիարքի այլ գրութիւններէն:

* Ինչե՞ր կը մնան արդեօք զորս Քրիստոս պիտի ուզէր որ մենք պահէինք: Ըստ մեզի՝ հետեւեալները պիտիըլլային Փրկիչի յանձնարարութիւնները մեր Եկեղեցիին:

1. Պահեցէք այն ԼՈՅՍը, որ ձեզի բերուեցաւ նախ՝ իմ Առաքեալներուս ձեռքով ու ապա՝ ազգովին ձեզի տրուեցաւիմ ծառայիս եւ ձեր Լուսաւորիչին՝ Գրիգորի միջոցաւ: Այդ լոյսը իմ Աւետարանս է, իմ լոյսս է: Թող աշխարհհազարումէկ տեսակ լոյսեր ունենայ. ձեր ԼՈՅՍը մէկ է. ես եմ, որ յայտնուցայ «իբրեւ լոյս բոլոր հեթանոս ազգերու», առաջին հերթին ձեզի. թող չխաւարի այդ լոյսը ձեր սիրտերէն. մնացէք միշտ «Լոյսի Որդիներ»՝ Լուսաւրչականներ:

2. Պահեցէք այն ԲԱՐԵԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻն, որ առաւելապէս մարմին զգեցաւ ու տեսանելի դարձաւ իմ ծառայիսեւ ձեր հայրապետին՝ Ներսէսի ձեռքով, անոր կերտած բարեսիրական հաստատութիւններով, զորս քիչ շատ ամէնուրեքկը պահէք մինչեւ հիմա, ձեր աղքատախնամներով, հիւանդանոցներով, որբանոցներով, ծերանոցներով եւ նման այլհաստատութիւններով: Շարունակեցէք ձեր անհատական բարեգործութիւնները, նուիրատուութիւնները բարեսիրականնպատակներու: Ու թող ձեր բարեսրտութեան «լոյսը այնպէս ճառագայթէ մարդոց առջեւ, որ տեսնելով ձեր բարիգործերը» փառք տան իմ եւ ձեր Հօրը, որ երկինքն է:

3. Պահեցէք միտքի այն ջահը, որ ձեզի շնորհուեցաւ իմ ծառաներուս՝ Սահակի եւ Մեսրոպի ձեռքով: Այդ կենդանիգիրերը տրուեցան ձեզի, որ դուք շարունակէք կարդալ նաեւ ու առաւելաբար իմ խօսքս՝ իմ Գիրքիս մէջ: Շարունակեցէ՛ք նաեւ կարդալ ու երգել այն աղօթքներն ու շարականները, զորս իմ ներշնչումովս գրեցին ձեր հոգեւորհայրերը, ձեր հոգիներու եւ միտքերու մշտնջենական լուսաւորութեան համար:

4. Պահեցէք ձեր եկեղեցին իր պարզութեան ու անարատութեան մէջ իր հաւատամքով, իր պատարագով, իրխորհուրդներով: Մի՛ ծանրաբեռնէք զայն անօգուտ եւ յաճախ անպէտ աւելոդրութիւններով:

* Քննենք մենք զմեզ Աստուծոյ խօսքին լոյսին տակ եւ լրջօրէն խնդրենք ներկայութիւնը Ս. Հոգիին, որ իրապէսպիտի բանայ մեր հոգիին աչքերը, տեսնելու համար նախ մեր տկարութիւնները եւ մեղքերը -ամբարտաւանութիւնը, նախապաշարումները, աշխարհային ցանկութիւնները - եւ ապա օժտելու համար զմեզ զօրութեամբ ասոնցմէազատագրելու համար: Ի վերջոյ պիտի բանայ մեր աչքերը, որպէսզի ճանչնանք մեր իսկական նկարագիրը եւ մերհոգեկան կացութիւնը, որպէսզի հետամուտ ըլլանք տիրանալու մեր փրկութեան եւ պահպանելու զայն մեծագոյնխնամքով եւ գուրգուրանքով:

* Տարակոյսէ վեր է, թէ նիւթական հարստութիւնը մարդուն ներքին ապահովութիւն եւ գոհունակութիւն կըներշնչէ. այս իսկ պատճառով ամենամեծ թշնամին է քրիստոնէական հասկացողութեամբ հարազատ հոգեւոր կեանքին: Յիսուս երանի կարդաց «աղքատներուն, սգաւորներուն, հալածողներուն», որովհետեւ աւելցուց Յիսուս. «Ձեր վարձքըշատ է երկինքի մէջ»: Ընդհակառակը վայ կարդաց «մեծատուներու, յագեցածներու, ծիծաղողներու», որոնքանդենականին մէջ «պիտի լան ու սգան» (Ղկ 6.20-26):

* Մարդ ապրած է եւ կրնայ ապրիլ առանց «քաղաքակրթութեան». բայց չէ ապրած եւ չի կրնար ապրիլ առանցկրօնքի: Մինչեւ իսկ այսպէս կոչուած «անկրօն» կամ «անհաւատ» անհատներ - որովհետեւ նման ցեղ կամ ժողովուրդգոյութիւն չունի մեր երկրագունդին վրայ - շարունակ կ՚ապրին կրօնքի մթնոլորտի եւ մղձաւանջի մէջ: Այն պայքարըզոր այս կարգի մարդիկ հարկադրուած են մղել, իրենցմէ ներս եւ իրենցմէ դուրս, կրօնքը մերժելու կամ հերքելուհամար, թէեւ ժխտական՝ բայց ինքնին կրօնական արարքներ են:

* Աստուածպաշտութիւնը կրօնական այն զգացումն է, որ ամէն բանէ գերադաս կը նկատէ երկինքի եւ երկրիարարիչ Աստուծոյ մը պաշտամունքը, այսինքն սէրը, եւ Անոր կամքին համակերպութիւնը: Որեւէ օտարոտի նկատումչի հաշտուիր մաքուր եւ ճշմարիտ աստուածպաշտութեան հետ: Այս է, որ առաքեալը կը յանձնարարէ իր աշակերտին. «Կրթեա՛ զանձն քո յաստուածպաշտութիւն» ըսելով, եւ զայն կը նկատէ «ամենայն ինչի օգտակար» (Ա. Տիմ Դ, 7):

Ըստ այսմ քիչ բան կայ կեանքին մէջ, որ չմտնէ կրօնքի սահմանէն ներս, այն աստիճան, որ կեանք եւ կրօնքխորքին մէջ կը նոյնանան, եւ իբրեւ մարդ ապրիլը կ՚առնէ իմաստը կրօնական արարած ապրելու:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 1, 2025