ԹԱՔՈՒՑԵԱԼ ՄԱՏԵԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՌԻԿ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Այսօր՝ մարտի 10-ին, Մեսրոպ Մաշտոց մատենադարանին մէջ կը սկսի նոր ու բացառիկ նախաձեռնութիւն մը, որու ծիրէն ներս կարճ ժամանակով պարբերաբար կը ցուցադրուին եզակի, գրեթէ չցուցադրուած կամ չցուցադրուող ձեռագիր մատեանները:

Այս նախաձեռնութեան մեկնարկը կը տրուի հազարաւոր հաւատացեալներուն յայտնի, հրաշագործ Շուրիշկանի Աւետարանի ցուցադրմամբ: Մատենադարանի ղեկավարութիւնը այս առիթով յայտարարած է, որ գանձատան արժէքներու հասանելիութիւնը Մատենադարանի առաջնահերթութիւններէն է: Թաքնուած գանձերը այսուհետեւ աւելի մօտ պիտի ըլլան հանրութեան՝ որով անոնք աւելի պիտի արժեւորուին եւ անոնց բացառիկ նշանակութիւնը ա՛լ աւելի պիտի կարեւորուի։ 

Առաջին ցուցահանդէսը՝ «Թաքուցեալ մատեաններ. Շուրիշկանի Աւետարան» խորագրով կը սկսի այսօր եւ կը շարունակուի մինչեւ ապրիլի 10-ը։ Մատենադարանի Ընծայաբերման սրահին մէջ մէկ ամիս շարունակ այցելուները կրնան հաղորդակից դառնալ հռչակաւոր Խնդրակատարին… 

Հայոց խնդրակատար եւ հրաշագործ ամենայայտնի Աւետարանն է Շուրիշկանի Աւետարանը, որ քաջածանօթ է իր ախտահալած համբաւով: 

Առեղծուածային այս Աւետարանը փրկուած եւ մեր օրեր հասած է հրաշքով: Անոր պատմութիւնը սկիզբ կ՚առնէ 1498 թուականին, երբ Վասպուրականի Քաջբերունիք գաւառի Ասպիսնակ գիւղին մէջ Թուրուանտա անունով կին մը Տէր Բարսեղ Քահանային կը պատուիրէ ընդօրինակել Աւետարանը: Ան հաւատացեալ եւ խոնարհ հայուհի մըն էր, որ դժբախտութիւն ունեցած է կորսցնելու ընտանիքը եւ ի յիշատակ իր վաղամեռիկ ամուսնոյն. զաւակներուն եւ փեսային՝ պատուիրած է Աւետարանին ընդօրինակութիւնը, որպէս մխիթարանք իր միայնակ եւ վշտաբեկ գոյութեան:

Վանեցիները այնպիսի ակնածանք եւ կապուածութիւն դրսեւորած են Աւետարանին հանդէպ, որ երբ 17-րդ դարուն Սեֆեան Պարսկաստանի Շահ Ապպաս 5-րդ արքան հայերը տեղահանած է, վանեցիները իրենց հետ Պարսկաստան տարած են այս Աւետարանը: 

Ըստ տուեալներու, շուրջ 500 հազար հայ տեղահանուած է պարսկա-թրքական այդ պատերազմի ընթացքին: Անոնք Պարսկաստանի մէջ բնակութիւն կը հաստատեն Սպահան նահանգի Փերիա գաւառին մէջ՝ հիմնելով 24 հայաբնակ գիւղ, որոնց կարգին՝ Շուրիշկանը (Շըրշկան)։ Բռնագաղթած հայութեան մէջ էր նաեւ Տէր Գրիգորը, որու ձգած տեղեկութիւններու հիման վրայ գիտենք, որ Աւետարանը այծի կաշիէ պատրաստուած ջրադիմացկուն տիկով ամրացուած է իր կռնակին: Այդպիսով ան ապահոված է ձեռագիրը ճանապարհի վտանգներէն: Աւետարանի զօրութեամբ գօտեպնդուած՝ բռնագաղթուած հայերը իրարու ձեռք բռնած հատած են Արաքս գետը: Տէր Գրիգորը Աւետարանը տարած է Շուրիշկան եւ այդ գիւղի անունով ալ այժմ կը կոչուի 322 թերթէ կազմուած ձեռագիր այդ գանձը: Մատեանին ստուարաթուղթէ կողքը կաշիէ է, որն ալ իր կարգին պատուած է արծաթեայ կրկնակազմով, որ ակնազարդ է, աստառը թուղթ եւ մետաքսէ կարուած է։ Տէր Գրիգորը զայն պահած է սրբօրէն: Մինչ գիւղին մէջ հաստատուիլը, գիւղացիները որոշած են Աւետարանը թաքցնել հողին տակ եւ որպէսզի յիշեն տեղը՝ անոր քով ուռենիի ճիւղ մը տնկած են: Որոշ ժամանակ անց վերադառնալով՝ հանած են Աւետարանը եւ տեսած՝ որ անոր տեղը խոնաւցած է, իսկ գիրքին ծայրերը դեղնած են: Գիւղացիները քանի մը օր յետոյ տեսած են, որ անոր տեղը աղբիւր գոյացած է:

Շուրիշկանի մէջ այսօր հայեր չկան, բայց, կան այդ աղբիւրը եւ ուռենին, որոնք նոյնպէս ուխտատեղի են: Իրանահայերը աղբիւրը կը կոչեն Աւետարանի աղբիւր, որուն ջուրը նոյնպէս բուժիչ յատկութիւն ունի: Իրանահայերը նաեւ Պապի աղբիւր կոչած են այդ ակը եւ անոր քով մատուռ կառուցած։ Շուրիշկանի Աւետարանը ժողովրդական անուանումներու մէջ նաեւ «Պապ» անունը ունի:

«Պապ Աւետարան» ըսելով իրանահայերը նաեւ մեծի, աւագի խորհուրդը կու տային աւետարաններէն այս մէկուն: Շուրիշկանի Աւետարանը յայտնի է նաեւ «Կարմիր», «Սուրբ Բարսեղ Կեսարացի» անուններով։

Աւետարանի հռչակը հասած էր երկրի զանազան վայրեր, նոյնիսկ օտարներ գիտէին անոր զօրութեան մասին: Քանի մը դար պահպանուելով Պարսկաստանի Շուրիշկան գիւղին մէջ՝ Աւետարանը իր քով ուխտի կանչած է Պարսկաստանի եւ Հնդկաստանի հայաբնակ վայրերէն բազմութիւններ: Վկայութիւններ կան նաեւ այն մասին, որ Աւետարանի ուժը զգացուած է նաեւ համաճարակներու ժամանակ։ Նոր Ջուղայի եւ այլ քաղաքներու բնակիչները կը պատմէին, որ համաճարակներու ատեն զայն շրջած են փողոցներով եւ վիճակը փոքր-ինչ մեղմացած է։ Բազում հրաշքներ կը վերագրուին այս Աւետարանին, բայց թերեւս ամենամեծ հրաշքը անոր Հայաստան բերուիլն է, ուր մատեանը նոր ծնունդ առած է։ 

Աւետարանը պատկերազարդուած է երեք դիմապատկերով (Մատթէոս, Մարկոս եւ Յովհաննէս Աւետարանիչ ու Պրոքորոն), լուսանցազարդերով, կիսախորան-անուանաթերթերով։

ՇՈՒՐԻՇԿԱՆԷՆ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆ

Որքան ուշագրաւ է Աւետարանի ստեղծման եւ Շուրիշկան հասնելու, հոն հաստատուելու պատմութիւնը, նոյնքան հետաքրքրական է նաեւ անոր Հայաստան բերուիլը: 

1968-1975 թուականներուն կազմակերպուեցաւ Փերիայի հայութեան հայրենադարձութիւնը Հայաստան: 1973 թուականին Շուրիշկանի Աւետարանը զայն պահող, փայփայող շուրիշկանցի հայերուն հետ նոյնպէս Հայաստան եկաւ եւ իր վերջնական հանգրուանը գտաւ հայոց ձեռագիր մատեաններու ամենամեծ պահոցի՝ Մաշտոցեան Մատենադարանի մէջ: Անոր նուիրատուները հայրենադարձ Ներսէս եւ Մատթէոս Ծառուկեաններն էին, որոնց այս ընծայաբերմամբ միջնադարեան մշակոյթի գանձարանէն ճառագող լոյսի մէկ շողն ու զօրութիւնը արդէն կէս դար է՝ հայրենիքէն կը փոխանցուի։ 

Այս Աւետարանէն զատ հայրենադարձ հայեր Մատենադարանին նուիրեցին նաեւ այլ ձեռագիր մատեաններ. Փերիայի, Չարմահալի եւ Բուրվարիի գաւառներու բոլոր հայկական գիւղերուն մէջ ձեռագիր գիրքեր կային: Հայաստան ներգաղթի ընթացքին գիւղերու եկեղեցական խորհուրդները եւ անհատ անձինք իրենց պատկանող ձեռագրերուն միայն մէկ մասը նուիրեցին Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Կաթողիկոսարանի եւ Նոր Ջուղայի Սուրբ Ամենափրկիչ վանքի մատենադարաններուն: Ձեռագրերուն մէկ մասը իրենց տէրերու ժառանգներուն քով է եւ կը պահուի տուներու մէջ, իսկ մէկ մասի գտնուելու տեղերը յայտնի չէ: Մաշտոցեան Մատենադարանը միշտ կը յորդորէ՝ ընտանիքներուն քով պահուող ձեռագիր մատեանները պահ տալ հայոց մեծ ձեռագրատան, այդպիսով զանոնք փրկուած կ՚ըլլան կորուստէն, միւս կողմէն ալ ուսումնասիրութեան նիւթ կը դառնան մասնագէտներուն համար։ 

Այդ առումով անցնող տարիները բարենպաստ էին Մատենադարանի համար․ ի յայտ եկան քանի մը տասնեակ նուիրատուներ, որոնք արժէքաւոր ձեռագիրներ ընծայաբերեցին միջնադարագիտութեան մեր խոշոր կեդրոնին՝ Մատենադարանին։ Վերջին երկու տարին՝ մանաւանդ բեղմնաւոր եղած է այդ առումով. Մատենադարանէն ներս հանգրուանած են աւելի քան 40 միաւոր բացառիկ ձեռագիրներ, հնագոյն պատառիկներ ու լուսանկարներ, առանձնապէս արժէքաւոր ու հազուագիւտ փաստաթուղթեր։ Իսկ Մատենադարանի տնօրէնութիւնն ալ կարեւորելով այս նուիրատուութիւնները, սկիզբ դրած է աւանդութեան մը, որ ժամանակ առ ժամանակ ցուցադրուին այն ձեռագիր մատեանները, որոնք Հայաստան հասած են՝ մանաւանդ նուիրատուութեան միջոցով։ Մատեաններու տունդարձը հայոց հոգեւոր վերածնունդի սկիզբ է թերեւս․․․ 

Հայագէտ, մատենագէտ Գէորգ Տէր-Վարդանեան Շուրիշկանի Աւետարանին նուիրուած իր գրութեան մէջ կը պատմէ, որ ուխտաւորներու հոսքը Մատենադարան երբեք չէ դադրած, ինք ականատես եղած է նոյնիսկ, թէ ինչպէս պարսիկ մը տարիներ շարունակ Մատենադարան այցելած է՝ Շուրիշկանի Աւետարանին ուխտի: Ըլլալով մահմետական՝ ան խոր հաւատ ունէր քրիստոնէական սրբութեան հանդէպ եւ չէր թաքցներ այդ մէկը: 2002 թուականի փետրուարէն մինչեւ 2003 թուականի ապրիլի վերջը՝ մէկ տարիէ աւելի երբ Մատենադարանը հիմնովին կը նորոգուէր, անոր դռները գոց էին թէ՛ ուսումնասիրողներուն, թէ՛ զբօսաշրջիկներուն համար: Դռները կը բացուէին բացառապէս Շուրիշկանի Աւետարանին ուխտի գացողներուն համար: Այս մէկը կրկին կը յուշէ անոր զօրութեան եւ ուժի մասին: Մատենադարան ուխտի կու գային զանազան երկիրներէ, ըսելով, որ լսած են անոր համբաւին մասին եւ սրտանց կը հաւատան։ Գէորգ Տէր-Վարդանեան նաեւ գիրք գրած է այս Աւետարանին մասին։

Շուրիշկանի խնդրակատար եւ հրաշագործ Աւետարանը Մատենադարանէն զատ այլ «տուն» մը եւս ունի։ Արդէն քսան տարիէ աւելի է՝ զայն Սուրբ Յարութեան տօնի յաջորդ կիրակի օրը՝ Կրկնազատիկին, Մատենադարանէն Արագածոտնի թեմի Մուղնիի Սուրբ Գէորգ եկեղեցի կը տարուի։ Սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք ուխտաւորներու հոծ բազմութիւնը այստեղ եւս հաղորդակից կ՚ըլլայ անոր զօրութեան։ Ուխտաւորներուն մէջ մեծ թիւ կը կազմեն իրանահայերը, բայց ամէն տարի կ՚աւելնայ նաեւ այլ տեղերէ եկած ուխտաւորներուն թիւը։ Աւետարանը Մուղնիի մէջ կը պահուի մինչեւ յետմիջօրէ:

Նախապէս Աւետարանը Մուղնի կը տարուէր Սուրբ Սարգիսի տօնին, բայց նկատի առնելով եղանակային պայմանները, անոր ուխտի օրը դարձաւ Նոր կիրակին՝ Կրնկազատիկը, որ նոյնպէս մեր ժողովուրդի համար խորհուրդ ունեցող տօներէն է:

Ըստ եկեղեցական տօնացոյցի, այս տարի Կրկնազատիկը ապրիլի 27-ին է։

ԱՅԼ ԼՈՒՐԵՐ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԷՆ՝ Կ՚ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԻ ՆԱԵՒ ՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԸ

Հայաստանի     Բարձրագոյն կրթութեան գիտութեան կոմիտէի՝ «Գիտական արդիւնաւէտութեան խթանման դրամաշնորհային ծրագիր 2025»ի ծիրէն ներս Մատենադարանի վեց գիտական նախագիծ երեքական տարիով երաշխաւորուած է գանձատրման։ Մատենադարանը անոնց մասին նախնական տեղեկութիւններ հաղորդած է․ 

«Հայկական բնակավայրերը Արեւելքի կայսրութիւններու իշխանութեան ներքոյ (XVI-XIX դդ․)» խորագրով ծրագրի ղեկավարն է արեւելագիտութեան բաժնի վարիչ, պատմաբան Քրիստինէ Կոստիկեան։ Ծրագրին մէջ ընդգրկուած են Մատենադարանի Արեւելագիտութեան բաժնի չորս աշխատակից եւ Միացեալ Թագաւորութեան Կրինվիչի համալսարանէն օսմանագէտ փրոֆ․ Միքայէլ Թալպոթ։

Կ՚ուսումնասիրուին Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի տիրապետութեան ներքոյ հայկական բնակավայրերու պատմութեանը, ժողովրդագրութեան եւ անուանումներուն, անոնց փոփոխութիւններուն վերաբերող հարցեր։

Երկրորդ գիտական ծրագիրը կը վերաբերի Վասպուրականի թագաւորութեան առաջին թագուհի՝ Մլքէ թագուհիի Աւետարանին։ «Մլքէ թագուհիի Աւետարանը պատմամշակութային, ձեռագրական եւ արուեստաբանական տեսանկիւնէ» խորագրով ծրագրի ղեկավարն է ձեռագրագիտութեան բաժնի աւագ գիտաշխատող, բանասէր Անի Առաքելեան: Խումբին մէջ ներգրաւուած են երկու գիտաշխատող Մատենադարանէն եւ Օքսֆորտի համալսարանի ասիական եւ միջին-արեւելեան գիտութիւններու բաժնի պատմաբան Էնտի Հիլկենս:

Ուսումնասիրութեան նպատակը Մլքէ թագուհիի Աւետարանի համակողմանի քննութիւնն է։ Կը կատարուին պատմական փաստերու ճշգրտումներ (Մլքէ թագուհիի անձը եւ ծագման խնդիրը, Գագիկ Ա. Արծրունիի շինարարական գործունէութեան եւ Աւետարանի կապը եւ այլն), Աւետարանի գրչութեան եւ մանրանկարչութեան առընչութիւնը 10-րդ դարու ճարտարապետական եւ ձեռագրական-մանրանկարչական արուեստին:

Երրորդ գիտական նիւթը կը կրէ «Հայ տիկնայք ըստ միջնադարեան բնագիրներու եւ պատկերներու» խորագիրը։ Ծրագրի ղեկավարն է միջնադարեան արուեստի ուսումնասիրման բաժնի ղեկավար Նազենի Ղարիբեան, արտասահմանեան գործընկերը՝ Ժընեւի համալսարանի Հայագիտութեան բաժնէն եւ Հայկական ուսումներու միջազգային ընկերակցութեան՝ ՀՈՒՄԸ-ի նախագահ փրոֆ. Վալենթինա Քալցոլարի, ներգրաւուած են եւս երեք գիտաշխատող եւ մէկ ուսանող:

Նախագծի նպատակն է գրաւոր աղբիւրներու եւ արուեստի ստեղծագործութիւններու հիման վրայ համակողմանիօրէն ուսումնասիրել աշխարհիկ տիկնանց կերպարն ու պատկերները միջնադարեան Հայաստանի մէջ, ներառեալ՝ Արցախը (IV-XV դդ)։ 

«Թիֆլիզի հայ համայնքը ըստ կովկասեան հնագրական յանձնախումբի փաստաթուղթերու» խորագրով միւս ծրագրի ղեկավարն է 15-19-րդ դարերու հայ մատենագրութեան բաժնի գիտաշխատող, պատմաբան Հրանդ Օհանեան: Խումբի անդամներն են՝ Մատենադարանի գիտաշխատող, պատմաբան Նարեկ Յակոբեան եւ Երեւանի Պետական համալսարանի ասպիրանտ Մանէ Ղեւոնդեան:

Հետազօտութեան նպատակն է ժողովածուի փաստաթուղթերուն մէջ ուսումնասիրել Թիֆլիզի հայ համայնքի քաղաքական, տնտեսական, կրթամշակութային եւ հոգեւոր կեանքին առընչուող նիւթերը:

«Կնոջ հասարակական դերին փոփոխութիւնը 12-18-րդ դարերուն հայ սրբախօսական գրականութեան դիտանկիւնէն» նիւթի ղեկավարն է Մատենադարանի 5-14-րդ դարերու բնագիրներու ուսումնասիրման բաժնի աւագ գիտաշխատող, պատմաբան Գառնիկ Յարութիւնեան, ներգրաւուած է եւս երեք գիտաշխատող: Հետազօտական նախագծի օտարերկրեայ գործընկերն է Ֆլորանսի համալսարանէն փրոֆ. Զարուհի Պօղոսեան, որ կը ղեկավարէ Եւրոպական հետազօտական խորհուրդի կողմէ գանձատրման արժանացած «ArmEn» ծրագիրը:

Հետազօտական ծրագրի նիւթը կը վերաբերի կնոջ հասարակական դերի՝ 12-18-րդ դարերուն կրած փոփոխութիւններու բացայայտման՝ որպէս աղբիւրագիտական հիմք եւ դիտանկիւն ունենալով հայ սրբախօսական գրականութիւնը:

Վեցերորդ ծրագիրը կը վերաբերի պոլսահայ մամուլին։ «Կոստանդնուպոլսոյ հայ մամուլը եւ հայերէն ձեռագիրները» խորագրով ծրագրի ղեկավարն է ձեռագրագիտութեան բաժնի աւագ գիտաշխատող Տաթեւիկ Մանուկեան: Ծրագրին մէջ ընդգրկուած են երեք գիտաշխատող Մատենադարանէն, մէկ հոգի մշակութային հաստատութենէ մը եւ արտասահմանեան գործընկեր՝ կրկին Ժընեւի համալսարանէն Վալենթինա Քալցոլարի։ 

Ուսումնասիրութեան կ՚առնուի Պոլսոյ հայ մամուլը՝ մասնաւորապէս հայերէն ձեռագրերու մասին նիւթերը անոր էջերուն մէջ։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 10, 2025